Հալէպի հայերը եւս, անհատաբար, կրեցին լուրջ վնասներ։ Անգործութիւնը գլխաւոր տագնապն է մարդոց։ Ճիշդ ութը ամիսէ ի վեր, բազմահարիւր հայ ընտանիքներ զրկուած են իրենց առօրեայ եկամուտէն, որովհետեւ անոնց գործատեղիներն ու խանութները կը գտնուին «արգիլեալ» գօտիներու մէջ։ Հայ արհեստաւորներու օրրանը նկատուող Նոր Գիւղ, Արղուպ, Պոսթան Փաշա, Րամուսէ, Փակ Շուկայ, Ճիտէյտէ եւ այլ թաղամասեր փակ են եւ անանցանելի, վտանգներով լի։

Այս կացութեան դիմաց՝ մարդիկ ի՞նչպէս պիտի ապահովեն իրենց հանապազօրեայ հացն ու կարիքները, տակաւին քանի՞ շաբաթ կամ քանի՞ ամիս պիտի դիմանան, մանաւանդ որ սղաճը գլուխը առած կերթա՜յ։ Տրցակ մը հացը 100 թղթադրամ է, վառելանիւթի բոլոր տեսակները կը վաճարուին միայն ու միայն սեւ շուկայի վրայ՝ շատ բարձր գիներով ու փոքր քանակով։ Դեղօրայքի գիները յաւելում կրած են 40 տոկոսով, ինչպէս՝ ուտեստեղէնինը, այնքան որ՝ մէկ քիլոկրամ չոր սոխին գինը հաւասարած է մէկ քիլոկրամ խնձորի գինին։

Անցնող Կիրակի (Փետրուար 10) կանուխ առաւօտէն սկսեալ Հալէպ դա՛րձեալ դէմ յանդիման մնաց անտանելի զրկանքներու։ Ելեքտրականութիւնը խզուեցաւ բովանդակ քաղաքէն ու զայն թաղեց համատարած խաւարի մէջ։ Միաժամանակ, դադրեցաւ նաեւ ըմպելի ջուրի հոսքը, ծորակները կրկին պարպուեցան իրենց կենսատու հեղուկէն։ Հալէպ եւ հալէպցիք իրենց կեանքը քաշքշեցին ա՛յսպէս, ԼՄԱՆ ՉՈՐՍ ՕՐ։ Չորեքշաբթի, Փետրուար 13-ի յետմիջօրէին, որոշ ընդհատումներով հոսանքն ու ջուրը վերադարձան։

Այս դժխեմ առօրեան անմասն չէր անշուշտ պատերազմական գործողութիւններէն, որոնք դադար չունին։ Վերջին մէկ շաբաթուան ընթացքին քաղաքին «ապստամբ» թաղամասերուն ուղղութեամբ բանակին կիրարկած ռմբակոծութիւնները սաստկացան զգալի չափով։ Հրետանիները, հրթիռարձակները, ռմբահար սաւառնակները, բոլո՛րը միասին՝ «գործի» լծուած են Հալէպի մէջ, շարունակելով (ինքնա)քանդումի տարօրինակ քաղաքականութիւն մը, որուն նմանը պատմութեան գիրքերուն մէջ անգամ գրուած չէ։

Կարդալ լրիւ հոս

(«Մարմարա» թերթին հետ գործակցաբար)

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել