101րդ ­տա­րե­լից։ ­­Մեր պատ­մու­թեան ա­մէ­նէն դժո­ւար հանգ­րո­ւա­նին կը գտնո­ւինք։ ­­Պի­տի հաշ­տո­ւի՞նք կարգ մը գա­ղա­փար­նե­րու հետ, ա­ռանց ժո­ղովր­դա­վա­րու­թեան սկզբունք­նե­րը շա­հար­կե­լու։
Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը ռազ­մա­վա­րա­կան ընտ­րու­թիւն ու թի­րախ է եւ պէտք է պահ­պա­նել մեր ազ­գա­յին ու քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դում­նե­րու բարձր մա­կար­դա­կին վրայ։

Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան մէջ նա­խա­պա­շա­րեալ բա­ներ կան, որ տա­կա­ւին կը դժո­ւա­րա­նանք մեկ­նա­բա­նե­լու։
Գայ­լը՝ մա­նա­ւանդ գորշ գայ­լը, միշտ մշու­շը կը նա­խընտ­րէ...։
Մոռ­նա՞նք տա­կա­ւին, որ ­­Վոս­փո­րի նե­ղու­ցին վրայ նոր կա­մուր­ջի մը շի­նու­թեան հա­մար ան­մի­ջա­կան խոր­տա­կու­մի ու փլու­զու­մի են­թար­կո­ւած էին պե­տա­կան անմ­խի­թար ո­րո­շու­մով ­­Խաս­գիւ­ղի հայ­կա­կան բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­ներն ու մա­նա­ւանդ վար­ժա­րան­նե­րը, շրջա­նի հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին, ա­նոր կից գտնո­ւող գի­շե­րօ­թիկ դպրո­ցը, ­­Գալ­ֆա­յեան որ­բա­նո­ցը (հիմ­նո­ւած 150 տա­րի ա­ռաջ), թա­ղա­մա­սի հայ­կա­կան գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ե­ւայլն, ե­ւայլն։
Հա­կա­ռակ ­­Պատ­րիար­քին հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած սի­րա­լիր ըն­դու­նե­լու­թեան, ներ­կա­յա­ցո­ւած ար­դար պա­հանջ­նե­րուն գո­հա­ցում տա­լու խոս­տում­նե­րը մնա­ցին ան­լոյծ։ Մ­նաց մա­նա­ւանդ ­­Տէ­մի­րէ­լի սփինք­սեան խորհրդա­ւոր ժպի­տը...։

Կը զար­մա­նա՞ք, որ այ­սօր ալ մի­տում­նա­ւոր մե­քե­նա­յու­թիւն­նե­րու միեւ­նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը կը կի­րար­կո­ւի ա­ւելի շնա­կան ու կեղ­ծա­պա­տիր ո­ճով։ ­­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով ­­Թուր­քիոյ որ­դեգ­րած ժխտո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը որ­քա՞ն կը դի­մա­նայ, չեմ գի­տեր։ ­­Գի­տեմ, լաւ գի­տեմ սա­կայն, որ սու­տը, կեղ­ծի­քը եւ կա­մա­կոր կեր­պա­րա­նա­փո­խու­մը կարճ ոտ­քեր կ­­՚ու­նե­նան, քա­ղա­քա­կան լայ­նա­ձիգ ոս­տում­ներ կա­տա­րե­լու ա­նա­տակ կ­՚ըլ­լան։ Իսկ խտրա­կա­նու­թիւնն ալ եր­կու թի­րախ­ներ կ­՚ու­նե­նայ. ե­րեւ­ցո­ղը եւ չե­րեւ­ցո­ղը։

Չ­յի­շե՞լ տա­կա­ւին, թէ ի՛նչ ճա­կա­տագ­րի մատ­նո­ւե­ցան ­­Պոլ­սէն ու Ան­գա­րա­յէն զատ, Ա­մա­սիոյ, ­­Կե­սա­րիոյ, ­­Սե­բաս­տիոյ, ­­Մա­լա­թիոյ, ­­Խար­բեր­դի, ­­Տիգ­րա­նա­կեր­տի, ­­Մար­տի­նի, Ս­ղեր­դի, Ա­լեք­սանտ­րէ­թի, ­­Վա­նի եւ ընդ­հան­րա­պէս Ա­նա­տո­լո­ւի եւ ­­Կա­պա­դով­կիոյ հայ հա­մայնք­նե­րու դպրոց­նե­րը, ե­կե­ղե­ցի­նե­րը, հայ­կա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը։ Ա­նա­տո­լո­ւի հա­յե­րը ժա­մա­նա­կի բռնա­դա­տող ճնշու­մին տակ՝ ըն­կե­րա­յին կամ քա­ղա­քա­կան ի­մաս­տով ստի­պո­ղա­բար իս­լա­մու­թեան են­թար­կո­ւե­ցան, կամ ալ, ի­րենց ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կան նկա­րա­գի­րը կորսնց­նե­լով հե­տե­ւե­ցան ա­սո­րա­կան մշա­կոյ­թին, իս­լա­մու­թեան, թէ ...

Պոլ­սոյ մէջ տաս­նա­մեակ­ներ ա­ռաջ կը գոր­ծէին 100 հայ­կա­կան վար­ժա­րան­ներ։ Ա­ւե­լի ետք, ա­նոնց­մէ մնա­ցին 32 հատ, ո­րոնց­մէ 7ն՝ ­հայ կա­թո­ղի­կէ, մէ­կը՝ հայ բո­ղո­քա­կա­ն։ Դպ­րոց­նե­րէն եր­կու­քը որ­բա­նոց­ներ էին, ե­րե­քը՝ գի­շե­րօ­թիկ, հին­գը՝ բարձ­րա­գոյն վար­ժա­րան։ Ա­շա­կեր­տու­թեան ընդ­հա­նուր թի­ւը տա­սը հա­զա­րէ վեր կը գնա­հա­տուէր։

Պոլ­սոյ հա­յոց ­­Պատ­րիարք ­­Մես­րոպ Արք.ի փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան կը յայ­տա­րա­րէ, թէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան սահ­ման­նե­րէն ներս, 1914ին կը գոր­ծէին 2170 հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ 100 դպրոց­ներ։ ­­Ներ­կա­յիս կը գոր­ծեն 42 ե­կե­ղե­ցի­ներ եւ 13 դպրոց­ներ։ Ո՞ւր են մնա­ցեալ­նե­րը։ Ո՞վ բա­ցատ­րու­թիւն պի­տի տայ այս մա­սին։ ­­Պոլ­սոյ հայ հա­մայն­քը ին­չո՞ւ չվե­րա­նո­րո­գո­ւե­ցաւ, ին­չո՞ւ չվե­րա­ծաղ­կե­ցաւ։

Թուր­քիոյ մէջ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու կրթա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու խնդիր­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն լու­ծո­ւած չըլ­լալ։
Մ­խի­թա­րա­կան է, որ խնդիր­նե­րու բնու­թագր­ման մա­սին սկսած են բարձրա­ձայ­նել (չմոռ­նալ նա­հա­տակ Հ­րանդ ­­Տին­քը) ­­Պոլ­սոյ հայ­կա­կան «Ա­կօս» թեր­թի խմբա­գիր ­­Բագ­րատ Էս­թու­քեան, ­­Թուր­քիոյ խորհր­դա­րա­նին մէջ գա­ղա­փա­րա­կան տար­բեր հո­սանք­նե­րու ա­րե­ւե­լու­մով հա­յազ­գի ե­րես­փո­խան­ներ՝ քրտա­մէտ ընդ­դի­մա­դիր ­­Ժո­ղո­վուրդ­նե­րու ­­Ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան ­­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ ­Կա­րօ ­Փայ­լա­նը, ­­Սե­լի­նա ­­Տո­ղա­նը, ­­Մար­գար Է­սա­յեա­նը, ո­րոնք ծա­գու­մով ու ազ­գու­թեամբ հայ ե­րես­փո­խան­ներ ըլ­լա­լով հան­դերձ, իբ­րեւ երկ­րի հայ­կա­կան հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ չեն ներ­կա­յա­նար։

Ա­նոնց­մէ մէ­կը ար­դէն իշ­խա­նու­թիւն վա­յե­լող կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ է, իսկ մնա­ցեալ­նե­րը բուռն կեր­պով ընդ­դի­մա­դիր։ Այս պա­րա­գա­յին, պէտք է բնու­թագ­րել սա­կայն, թէ ու­րիշ բան է կու­սակ­ցա­կա­նա­ցած ըլ­լալ, ու­րիշ բան է քա­ղա­քա­կա­նա­ցած ըլ­լալ, ու­րիշ բան է ծա­գու­մով հայ եւ թրքա­կան խորհր­դա­րա­նին մէջ «մե­պուս» ըլ­լալ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը ա­մէն տեղ նոյնն է, ո­րով­հե­տեւ մարդ­կու­թեան վե­րա­բե­րող հարց է։ Այս բո­լո­րէն ան­կախ սա­կայն, կ­­՚ար­ժէ զա­տո­րո­շել նաեւ, որ այս մար­դի­կը ե­րես­փո­խան ընտ­րո­ւե­ցան տա­րի մը ա­ռաջ, այ­սինքն ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100րդ ­տա­րե­լի­ցի լրաց­ման յատ­կան­շա­կան տա­րին։ Այս­պէս կը մեկ­նա­բանուին պատ­մու­թեան շար­ժա­ռիթ­ներն ու հա­կա­շար­ժա­ռիթ­նե­րը։

Եւ մինչ ­­Սե­լի­նա ­­Տո­ղան խիղ­ճի հարց դար­ձու­ցած ըլ­լա­լով՝ կիր­քով ու հե­տե­ւո­ղա­կա­նու­թեամբ խորհր­դա­րա­նէն ներս կ­­՚ար­ծար­ծէ փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու եւ կրթա­կան կեան­քի հա­մա­կար­գին ստեղ­ծած դժո­ւա­րու­թիւն­ներն ու բա­նե­ցո­ւած ճնշում­նե­րը, ­­Կա­րօ ­­Փայ­լան (­­Հայ ­­Կա­րօ, ըստ թուր­քե­րու) ա­րա­գաց­նե­լով պատ­մա­կան ժա­մա­նա­կը կո­րո­վա­միտ յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ աշ­խա­տան­քի ձեռ­նար­կած է՝ ­­Թուր­քիոյ վար­ժա­րա­նա­յին դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դի խե­ղա­թիւ­րո­ւած ու չա­րա­փո­խո­ւած պատ­մու­թիւ­նը ճշդե­լու եւ այդ յե­րիւ­րո­ւած բա­ժին­նե­րուն մէ­ջէն զեղ­չե­լու հա­յու­թեան հաս­ցէին տեղ գտած բա­ցա­սա­կան նկա­րագ­րա­կան­նե­րը։ ­­

Մեծ դեր մը, ո­րով կը յատ­կան­շէ իր նկա­րա­գի­րը եւ պայ­քա­րի իր ընտ­րած ճա­նա­պար­հը՝ սու­տե­րով յոր­դող լեռ­նա­կոյ­տի մը դի­մաց, քա­նի ­­Թուր­քիոյ սու­տե­րը ա­մէն ա­ռի­թով քա­նի մը թի­րախ­ներ կ­­՚ու­նե­նան, որ կ­՚օգ­տա­գոր­ծուին ըստ պա­րա­գա­յի, ըստ տե­ղի, ըստ կա­ցու­թեան, երկ­րէն ներս հա­մա­տա­րած սպառ­նա­լի­քի մթնո­լոր­տի մը մէջ, ներ­քին ու պատ­մա­կան հա­կադ­րու­թիւն­նե­րու եր­կար շա­րա­նի մը յա­րակ­ցու­թեամբ։

Եր­կու հայ ե­րես­փո­խան­նե­րուն կող­մէ ար­ծար­ծո­ւած ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան բուռն ու խոր­քա­յին նշա­նա­կու­թիւ­նը բարձր աղ­մուկ, զայ­րոյթ ու թշնա­մա­կան տրա­մադ­րու­թիւն­ներ յա­ռա­ջա­ցու­ցած է։ Եւ այս մթնո­լոր­տի իբ­րեւ եզ­րա­կա­ցու­թիւն՝ Էր­տո­ղան Է­ֆէն­տիի հրահ­րող թի­րա­խա­յին պատ­գամ­նե­րը, թէ այս բո­լոր սու­տե­րուն ե­տին սփիւռ­քի հա­յե­րը եւ ի­րենց օ­տար պաշտ­պան­նե­րը կը գտնո­ւին։ ­­Փա­թի­շա­հա­կան ըմբռ­նու­մը՝ իր գե­րա­գոյն ար­տա­յայ­տու­թեան մէջ։
Բայց ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցը, օ­րա­կար­գը, էու­թիւ­նը կա՛յ ու կա՛յ, որ­քան ալ ­­Թուր­քիա ա­տոր շուրջ բռնա­դա­տա­կան մօ­տե­ցում­ներ կը դրսե­ւո­րէ ա­տե­նը մէյ մը։

Թուր­քիոյ դպրո­ցա­կան դա­սա­գիր­քե­րուն մէջ հա­կա­հայ քա­րոզ­չու­թիւն կը կա­տա­րո­ւի, իսկ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի իբ­րեւ երկ­րի ռազ­մա­կան ի­րադ­րու­թե­նէն յա­ռա­ջա­ցած ա­պա­հո­վա­կան նկա­տում­նե­րով անհ­րա­ժեշ­տու­թիւն։ Իսկ Ապ­րիլ 24ին՝ հայ մտա­ւո­րա­կան­նե­րու տե­ղա­հա­նու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցո­ւի որ­պէս ­­Թուր­քիոյ դէմ գոր­ծող հայ յե­ղա­փո­խա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու ձեր­բա­կա­լու­թիւ­նը, ո­ր ­կա­տա­րո­ւե­ցաւ ա­պա­հո­վու­թեան նկա­տա­ռում­նե­րով։

Հա­պա ինչ­պէ՞ս կը պա­տա­հի, որ ­­Թուր­քիոյ մար­դու ի­րա­ւուք­նե­րու պաշտ­պան գոր­ծիչ, թուրք գրող եւ ­­Ցե­ղասս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման ու դա­տա­պարտ­ման ջերմ ջա­տա­գով ­­Ֆե­թ­­հի­յէ ­­Չե­թի­նի «Ա­զա­տու­թեան» մրցա­նակ կը տրո­ւի...։ ­­Նաեւ Հ­րանդ ­­Տին­քին՝ «­­Մա­մու­լի ա­զա­տու­թեան» ի­տա­լա­կան մրցա­նա­կը Հ­ռո­մի մէջ։ Ար­դեօ՞ք ա­զա­տու­թիւնն ու ան­կա­խու­թիւ­նը միայն մեր ե­րէ­կը չէ որ կ­՚ար­տա­յայ­տեն, այլ նաեւ ու մա­նա­ւանդ մեր ներ­կան, քա­նի այս­պի­սի ի­մաստ­նե­րուն ար­ժէ­քը ան­ժա­ման­ցե­լի խորհր­դա­նի­շի վե­րա­ծո­ւած է մեր կեան­քին մէջ։

Ա­սոր զու­գա­հեռ՝ «­­Նոր ­­Զար­թօնք» շար­ժու­մը, որ ծլար­ձա­կած է 2004ին ու հիմ­նադ­րո­ւած է 2007ին, Հ­րանդ ­­Տին­քի սպա­նու­թեան վա­ղոր­դայ­նին եւ իբ­րեւ ռազ­մա­վա­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն ճշդած է ­­Հայ Դա­տի հե­տապն­դու­մը, ար­դա­րու­թեան ո­րո­նու­մը,- ոչ միայն հա­յու­թեան, այ­լեւ ճնշո­ւած բո­լոր փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Այս շար­ժու­մը իբ­րեւ գլխա­ւոր դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ընտ­րած է ա­ւան­դել հա­յե­րէն լե­զուն եւ մշա­կոյ­թը։ ­­Ներ­կա­յիս եր­կու հա­րիւ­րէ ա­ւե­լի հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու հա­մադ­րո­ւած ո­ճով մայ­րե­նի լե­զու կը դա­սա­ւա­նդէ եւ թրքե­րէ­նով գիր­քեր կը հրա­տա­րա­կէ ­­Հա­յոց ­­Պատ­մու­թեան ու հա­յոց ան­վի­ճե­լի ի­րա­ւունք­նե­րուն մա­սին։

Շշ­մեց­նող բա­նե՞ր։ ­­Չե՛մ կար­ծեր։ ­­Մար­դիկ կան, որ ի­րենց բնա­տուր ա­ռա­քե­լու­թեան չեն դա­ւա­ճա­ներ եւ այդ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը լուր­ջի կ­­՚առ­նեն, ապ­րե­լէ ետք մեծ յոյ­սի հիաս­թա­փու­թիւ­նը։ Այ­սօր, ա­նոնք՝ ի­րենց դա­ւա­նած հա­կազ­դե­ցու­թեան կրկնօ­րի­նակն են եւ բնաւ ալ հե­ռու չեն ի­րենց ապ­րած ի­րա­կա­նու­թե­նէն։

Յով­սէփ ­­Պա­րա­զեան
azator.gr

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել