1918ի Մայիս ամսուան վերջին շաբաթը, յատկապէս Մայիս 25էն Մայիս 28 երկարող քանի մը օրերը, դարակազմիկ հանգրուան մը կը խորհրդանշեն հայ ժողովուրդի նորագոյն շրջանի պատմութեան մէջ:
97 տարի առաջ, Մայիսի այս օրերուն, կերտուեցաւ պանծալի Աւանդը «Մայիս 28»ի, որ խտացուց խորհուրդը հայ ժողովուրդի նոր դարաշրջան մուտքին ու, իբրեւ Ազգային-պետական ածուի, յաղթական վերականգնումին:
Առաջին Աշխարհամարտի արհաւիրքին մէջ տուայտող հայ ժողովուրդը, թրքական պետութեան գործադրած Ցեղասպանութենէն վերապրած իր բեկորներով, Մայիս 1918ի վերջին օրերուն, Արարատեան դաշտին վրայ իր վերջին ուժերը հաւաքեց, եղեռնագործ թրքական զօրքերու ընդհանուր գրոհին դէմ մէկ մարդու պէս ծառացաւ եւ, փառապանծ յաղթանակներ արձանագրելով, նոր դարաշրջան բացող հաշուեյարդար կատարեց իր պատմութեան եօթը դարերու թաւագլոր անկումի ընթացքին հետ:
Շրջեց ընկրկումի, պարտութեան, գերութեան եւ համակերպումի այսպէս կոչուած ճակատագրական կործանարար անիւը եւ նուաճեցԱզգի ու Հայրենիքի յաղթական վերականգնումը՝ սեփական զինու զօրութեամբ Հայաստանի Անկախութիւնը կերտելով ու հայոց ազգային մերօրեայ պետականութիւնը կեանքի կոչելով:
Յատկապէս 25 Մայիս 1918ը դարձակէտի նշանակութիւն ունեցաւ, որովհետեւ այդ օր, Սարդարապատի ճակատին վրայ, հայ ժողովուրդը իր առաջին յաղթանակը նուաճեց Մայիս 18էն սկսեալ թրքական բանակի ձեռնարկած միաժամանակ երեք ուղղութիւններով ընդհանուր, այլ հայասպանական վերջին ու մահացու հարուածի ուժգնութիւնը ունեցող թուրք յարձակողական գրոհին դէմ:
Կովկասեան ճակատի թրքական զօրքերու հրամանատար Վեհիբ փաշան սրած էր ե՛ւ սուինները, ե՛ւ ախորժակները: Յունուար 1918ի առաջին օրերէն սկսեալ յաղթական կ՛արշաւէր Հայաստանի վրայ՝ օգտուելով Ռուսիան ցնցած 1917ի Փետրուարեան Յեղափոխութենէն եւ, ամիսներ ետք, անոր յաջորդած Հոկտեմբերեան՝ պոլշեւիկեան յեղաշրջումէն, որոնք յանգեցան համաշխարհային պատերազմէն Ռուսիան դուրս բերելու եւ, Դեկտեմբեր 1917ին, ռազմաճակատներէն ռուս զօրքերը «տուն կանչելու» լենինեան քայլին եւ անոր կործանարար հետեւանքներուն՝ հայ ժողովուրդին համար:
Կովկասեան ճակատին վրայ 1915-16ին անփառունակ պարտութիւն կրած թրքական բանակը յաջողեցաւ, 1918ի առաջին քանի մը ամիսներուն ընթացքին, ոչ միայն վերագրաւել 1915էն ետք ռուսական յաղթական բանակին իր զիջած հողերը, այլեւ՝ նախապատերազմեան ռուս-թրքական սահմանը հատելով, արագընթաց յառաջանալ մինչեւ Ղարաքիլիսա: Իսկ Ղարաքիլիսայի վրայ Մայիս 18ին իր ձեռնարկած ուժեղ յարձակումին զուգահեռ, Վեհիբ փաշա իր զօրքերը Մայիս 20ին շարժման մէջ դրաւ Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ուղղութեամբ, որպէսզի Անդրկովկասը ամբողջապէս թրքական հակակշիռին տակ առնելու եւ համաթրքական երազը իրագործելու ճամբուն վրայ, իր յաղթարշաւը արգելակող «հայկական Սեպը» մէկանգամընդմիշտ ընկճէր ու բնաջնջէր:
1917ի տարեմուտը նորովի յոյսերով ողջունած հայ ժողովուրդը, որ տենդագին լծուած էր ազատագրեալ Արեւմտահայաստանը վերաբնակեցնելու, թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան վէրքերը դարմանելու, գաղթականներն ու որբերը հաւաքելու եւ հայկական ինքնավարութեան կռուանները ամրապնդելու հսկայական գործին, յանկարծ՝ Ռուսական խռովութեանց հետեւանքով, դէմ յանդիման կանգնեցաւ թրքական սպառնալիքին եւ անաւարտ մնացած ցեղասպանութեան վերջին արարին…
Հայ կամաւորական գունդերը արդէն միաւորուած էին՝ կովկասեան ճակատի ամբողջ երկայնքին տարածուած եւ մինչեւ Պիթլիսի դռները հասած ու Երզնկա մտած ռուսական բանակի հայկական կորպուսին մէջ, որ կանոնաւոր բանակի վերածուած էր զօրավար Թովմաս Նազարբէկեանի ընդհանուր հրամանատարութեան եւ Անդրանիկի, Դրոյի, դաշնակցական Խեչոյի, Քեռիի, Սեպուհի ու Գարեգին Նժդեհի օրինակով անուանի մարտիկներու հրամանատարութեան տակ:
Աւելի՛ն. 1917ի Փետրուարեան Յեղափոխութեան հետ, Անդրկովկասի մէջ եւս ցարական իշխանութեան փլուզումով ու վրացիներու, թաթարներու եւ հայերու գործակցութեամբ ժամանակաւոր կառավարութեան Անդրկովկասեան Սէյմի աստիճանական ձեւաւորումով, հայութիւնը քայլ առ քայլ սկսած էր ամրապնդելու իր ազգային-քաղաքական ուղին: Գումարուած էին Արեւմտահայոց եւ Արեւելահայոց իրերայաջորդ Ազգային համագումարները, որոնք մէկ կողմէ հայկական վեց նահանգներու եւ Կիլիկիոյ միացումով ինքնավար Արեւմտահայաստանի նպատակը բիւրեղացուցած էին, իսկ միւս կողմէ՝ պարզած էին Անդրկովկասի հայախիտ շրջանները վարչական առանձին միաւորներու մէջ համախմբելու եւ դաշնակցային կապերով նախ Անդրկովկասի ու, ապա, Ռուսիոյ հետ ժողովրդավարական միութիւն հաստատելու դրօշը:
Թրքական պետութիւնը, իթթիհատական իր եղեռնագործ ղեկավարութեամբ, անտարբեր կամ ձեռնածալ նստած չէր, անշու՛շտ: Մինչ Ռուսիան կը գալարուէր յեղափոխութեան տարերքով, իսկ Անդրկովկասի ժողովուրդները ակամայ գործակցութեան պայմաններուն մէջ սեփական գլուխը պահպանելու ելքեր կ՛որոնէին, անդին՝ թրքական իշխանութիւնները զէնքով, դրամով ու քաղաքական հովանաւորչութեամբ կովկասեան ճակատի ռուսական զօրքերու թիկունքը հարուածող կոյր գործիքի կը վերածէին Հայաստանի եւ ամբողջ Անդրկովկասի քիւրտ ու թաթար ազգաբնակչութիւնը:
Արարատեան դաշտէն մինչեւ Շիրակ եւ Զանգեզուրի լեռներէն մինչեւ Գանձակ, քիւրտ թէ թուրք մոլեռանդ տարրը, ցեղապետներով ու խաներով ղեկավարուող զինեալ հրոսակախումբեր կազմած՝ մէկ ձեռքով Սէյմի եւ պոլշեւիկեան յեղափոխութեան զօրակցելու դրօշ կը պարզէր, իսկ միւսով ազգամիջեան գրգռութիւններ կը հրահրէր, հայ եւ ռուս զինուորներու միջեւ անվստահութիւն կը սերմանէր եւ ընդհանրապէս կ՛աշխատէր ռուսական բանակի թիկունքը քայքայել:
Ահա այս զարգացումներու խորապատկերին վրայ Թուրքիա ստացաւ իր սպասած հրաշքը՝ պոլշեւիկներու իշխանութեան գլուխ գալով Ռուսիոյ դուրս քաշուիլը Առաջին Աշխարհամարտէն: Դեկտեմբեր 1917ի Պրեսթ-Լիթովսկի հաշտութեան պայմանագիրը եւ, Յունուար 1918ին, անոր հետեւած Անդրկովկասեան Սէյմի ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած զինուորական գործողութեանց դադրեցման պայմանագիրը գլխիվայր շրջեցին ուժերու հաւասարակշռութիւնը Կովկասեան ճակատին վրայ, ի նպաստ Թուրքիոյ: Արեւմտահայաստանի ազատագրեալ տարածքին, ինչպէս եւ Արեւելահայաստանի խորերը միաժամանակ թափ առին քիւրտ-թաթարական գրգռութիւնները եւ հայերու հետ ընդհարումները, որոնք ռազմաճակատը լքող ռուս զինուորներու առաջացուցած իրարանցումին վրայ գումարուելով՝ ընդհանուր անձկութեան եւ բարոյալքումի վիճակ առաջացուցին:
Հակառակ իր կնքած զինադուլի պայմանագիրներուն եւ հակառակ, նոյնպէս, ռազմական ուժի առումով իր աննպաստ դիրքին, Թուրքիա արագօրէն ձեռնարկեց ներկայացած յարմար պահը առաւելագոյն չափով օգտագործելու քայլերու: Ռուսական զօրքերու թիկունքին՝ Կարս ու Արտահանէն մինչեւ Ալեքսանդրապոլ, քիւրտ-թաթարական խռովութեանց հրահրման զուգահեռ, Վեհիբ փաշա սկսաւ ճնշումի տակ առնել ռազմաճակատի ռուսական դիրքերը: Առաջին թիրախը եղաւ Երզնկան, ուր, ռուս զինուորներու հեռանալէն ետք, միայն հայկական զօրք մնացած էր: Թրքական վերահաս գրոհին եւ անոր հետեւող խաղաղ բնակչութեան սպանդին առաջքն առնելու մտահոգութեամբ՝ զօր. Նազարբէկեան հրահանգեց պարպել Երզնկան՝ ե՛ւ բանակով, ե՛ւ բնակչութեամբ: Վեհիբ փաշա հանգիստ մուտք գործեց Երզնկա Յունուար 31ին:
Այդպէս սկսաւ եւ շատ արագ թափով ընթացաւ մէկ կողմէ հայկական զօրքի նահանջը, իսկ միւս կողմէ Վեհիբ փաշայի բանակին յառաջխաղացքը: Յունուարի վերջերուն գրեթէ ռազմական հաւասար ուժ ներկայացնող հակադիր զօրքերուն միջեւ, երկու ամիս ետք, կտրուկ փոխուեցաւ հաւասարակշռութիւնը: Կարինի, Վանի, Կարսի եւ Ալեքսանդրապոլի յաջորդական գրաւումներուն հետ, թրքական բանակին ե՛ւ քանակական, ե՛ւ ռազմամթերքի ուժը կրկնապատիկ գերազանցեց հայկական զօրքի կարողականութիւնը: Ապրիլին Վեհիբ փաշա արդէն հասած էր Ղարաքիլիսա եւ օրհասական վտանգը շօշափելի իրականութիւն դարձած էր հայ ժողովուրդին համար:
Անդրկովկասեան Սէյմի միջոցաւ զինադադարի հասնելու եւ թրքական արշաւանքը սանձելու փորձերը կեղծ էին եւ ապարդիւն անցան: Աւելի՛ն. վրացիք իրենց փրկութիւնը գտան Թուրքիոյ դաշնակից գերմանացիներու մէջ, մինչ թաթարները սկսան Արարատեան դաշտի հայութեան շուրջ պաշարման աքցանը սեղմել Գանձակէն ու Զանգեզուրէն:
Միայն հրաշքը կրնար փրկել հայ ժողովուրդը, որ այլեւս նահանջի տեղ չունէր, ո՛չ ալ անձնատուութիւնը կրնար զինք փրկել, որովհետեւ թուրքը կը յառաջանար հայութեան վերջին կռուանը եւս բնաջնջելու որոշումով:
Հայ ժողովուրդը արժանացաւ այդ հրաշքին, երբ Արամի ներշնչումով ու ղեկավարութեամբ՝ Երեւանի մէջ մէկ մարդու պէս ծառացաւ հայութիւնը:
Երբ Ղարաքիլիսան կրակի տակ առած Վեհիբ փաշան իր զօրքերէն մաս մը 20 Մայիս 1918ին գրոհի մղեց միաժամանակ Սարդարապատի եւ Բաշ-Ապարանի ուղղութեամբ, իր դէմ գտաւ ռազմաճակատ նետուած անպարտելի ժողովուրդ մը, որ մեծով ու պզտիկով, հոգեւորականով ու կիներով, բոլորով կռուի ելած էր՝ Ազատութիւն կամ Մահ վճռականութեամբ:
Մայիս 25էն 28, 1918ին, հայութիւնը յաղթանակով աւարտեց Սարդարապատի, Բաշ-Ապարանի եւ Ղարաքիլիսայի օրհասական ճակատամարտները, որոնք միասնաբար՝ իբրեւ Մայիսեան հերոսամարտ՝ նուաճեցին յաղթական դարձակէտը հայոց նորագոյն պատմութեան եւ պսակուեցան Մայիս 28ի փառապանծ քայլով, Հայաստանի Անկախութեան կերտումով:
Յատկապէս Մայիս 25ին, Սարդարապատի յաղթական ճակատամարտով, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին առջեւ նոր կեանքի պայծառ հորիզոնը բացուեցաւ:
Մայիս 24ին արդէն, երեք ուղղութիւններով (Սարդարապատ, Բաշ Ապարան եւ Ղարաքիլիսա) Մայիս 21ին սկսած թրքական ընդհանուր յարձակողականը փաստօրէն կասեցուած էր:
Երբ թրքական զօրքը երեւցաւ Սարդարապատի մատոյցներուն եւ փորձեց յառաջանալ դէպի Երեւան, սկզբնապէս սարսափն ու խուճապը համակեցին ողջ հայութիւնը: Բայց Մարտի վերջերուն ժողովուրդին կողմէ Երեւանի «դիկտատոր» կարգուած Արամը շատ արագ յաղթահարեց բարոյալքումի այդ հոգեվիճակը եւ, Երեւանի Ազգային խորհուրդին ու անոր առաջացուցած յատուկ մարմինին ամբողջական գործակցութեամբ, բոլոր ուժերով ու անպայման յաղթելու վճռականութեամբ դէպի կռուի դաշտ ու սրբազան գոյամարտ մղեց ողջ Երեւանը:
Թրքական յարձակումը ետ մղելու ուխտով յառաջ նետուեցան զօրայիններն ու պարզ ժողովուրդը, երիտասարդն ու տարեցը, կինն ու մանուկը, մտաւորականն ու հոգեւորականը:
Երեւանի զօրաշարժը թափ տուաւ նաեւ Բաշ-Ապարանի ու Ղարաքիլիսայի ճակատներուն վրայ թշնամին ետ մղելու համընդհանուր կորովին ու մարտունակութեան: Երեւանի մէջ Արամ եւ հայկական զօրքի հրամանատար զօր. Սիլիկեան, Սարդարապատի ճակատին վրայ զօր. Դանիէլ Բէգ Փիրումեան, Բաշ-Ապարանի ճակատին վրայ Դրօ, Ղարաքիլիսայի վտանգուած ճակատը պաշտպանող հայկական զօրքի ընդհանուր հրամանատար զօր. Նազարբէգեան, ինչպէս նաեւ ֆէտայական շարժման մեծ դպրոցէն անցած Սեպուհ, Սմբատ, Գարեգին Նժդեհ, Մուրատ, Համազասպ, Դէլի Ղազար եւ ընկերներ բառին բուն իմաստով հրաշք գործեցին:
Ապրիլ ամսուան ընթացքին Երզնկան, Կարինն ու Կարսը դիւրութեամբ գրաւած եւ Ալեքսանդրապոլ հասած Վեհիբ փաշայի զօրքերը յանկարծ իրենց դէմ գտան մէկ մարդու պէս կռուի դաշտ նետուած անպարտելի ժողովուրդ մը…
Եւ Մայիսի 23-էն 24, կրկնապատիկ աւելի թիւով թուրք զօրքերուն դէմ, հայկական ուժերը հերոսական ճակատումներով ռազմական փայլուն յաղթանակներ տարին եւ, ի վերջոյ, կոտրեցին թրքական զօրքի թափը:
Յատկապէս Սարդարապատի ճակատին վրայ արձանագրուեցաւ յաղթական դարձակէտը:
Մայիս 1918ի վերջին շաբաթը այս առումով հանդիսացաւ հայոց բազմադարեան պատմութեան այն աստեղային պահերէն մէկը, երբ հայութիւնը՝ իր ղեկավարութեամբ ու ժողովուրդով՝ գործեց միեւնոյն բաբախումով ու վերածուեցաւ միաձոյլ կամքի եւ հաւաքական ուժի: Այդ միաձոյլ կամքն ու հաւաքական ուժը մղում տուին Մայիսեան յաղթանակներուն, որոնք հնարաւոր դարձուցին Հայաստանի անկախութեան նուաճումն ու հայոց ազգային պետականութեան ստեղծումը։
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել