Հայ Վրիժառութեան Նեմեսիսին Հետ – Շահան Նաթալի (Անտիպ Զրոյց) Նոյեմբեր 1977ին 
– Ի՞նչ կը խորհիք որ կուսակցութիւնները պէտք է ընեն եւ չեն ըներ, կամ գոնէ պէտք է, որ փորձեն ընել եւ չեն փորձեր: 
Շահան Նաթալի – Ձեռնարկներ կ՛ընեն, կը խօսին, խորհելով որ այդ ձեւով Հայաստանը կը փրկեն: Կը ջղայնանամ: Իմ մտածումներս գործադրութեան դնող ուժ չունինք հայ իրականութեան մէջ, որովհետեւ արմատական մտածումներ են: Կրօնքներ, կուսակցութիւններ, գործունէութիւններ շատ են: Անոնք պէտք է ըլլան. սակայն արմատակա՛ն միջոցներով է որ մենք կրնանք բաներ իրականացնել: Հիմա երբեմն երիտասարդներ ինծի կու գան եւ բաներ մը կ՛ըսեն: Ուրախ եմ զանոնք լսելով, հայերէն կը խօսին, հայրերնին մայրերնին կը ճանչնամ, ընտանիքին մէջ հայերէն կը խօսին, բայց… «Ա՜յ տղայ, կ՛ըսեմ, քանի տարեկան ես»: Դուրս կու գայ որ իրենք դեռ չծնած, այդ բոլորը ոչ միայն ես փորձեր եմ, այլ իբր գործ կատարեր եմ: Իրեն կ՛ըսեմ մի՛ խօսիր, գնա՛ ըրէ, որովհետեւ եթէ այդ չընես, ուրիշ բան չկայ ընելիք:

– Ի՞նչ կը մտածէք կուսակցութիւններու գործունէութեան մասին:

Շահան Նաթալի – Կուսակցութիւնները կ՛ընեն բաներ, որոնք գիտեն, թէ եթէ այդ չընեն ուրիշ բան չունին ընելիք: Չեմ մեղադրեր: Իսկ ես կ՛ուզեմ գիտնալ թէ ի՛նչն է իմս: Մէկ բանի մէջ է: Թո՛ւրքը, թո՜ւրքը, մեզ ազգովին, ազգովի՜ն բնաջնջեց: Թուրքը մեր հօր եւ մօր վերջ տուաւ եւ բնաջնջեց Հայութիւնը: Թուրքը պէտք է բնաջնջուի նոյն չափով եւ նոյն տարազով, այլապէս մենք ապահով չենք ըլլար: Չեմ գիտեր թէ ի՛նչ կրնայ պատահիլ: Հայաստանը որ ունինք, միայն այդ է պաշտելիք, անկէ ուրիշ բան չկայ պաշտելիք: Բայց թուրքը հո՛ն է, թուրքը հո՛ն է: Ես կը մտածեմ թէ ինչպէ՛ս կրնամ այդ ծաւալը իրականացնող գիւտը ընել, արմատակա՜ն միջոցը: Գիտէ՜ք, գիւտն ալ ունիմ եւ փորձարկած եմ եւ փորձարկութեամբ ալ գիտեմ, որ ճիշդ գիւտն է, եւ սակայն… Ես Ամերիկա ի՛նչ գործ ունիմ: Ես Ամերիկա գործ չունիմ: Թուրքին սահմանը, մօտիկը, իմ ամէնէ՜ն մօտիկ հայրենիքս կ՛ըլլայ: Եւ անոր ալ դիւրութիւնը կայ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել