Տաւութօղլուն իր խորամանկ դիւանագիտութեամբ կրնայ անակնկալի բերել հայութիւնը՝ Ցեղասպանութեան եւ Հայրենահանումի Հարիւրամեակի սեմին, պաշտօնապէս ընդունելով իր գործած ոճիրը եւ նոյնիսկ հայութենէն ներողութիւն ալ խնդրելով....ՄԵՆՔ Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸՆԵՆՔ...Ունի՞նք արդեօք որեւէ ծրագիր այդ ուղղութեամբ: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր յաջորդ քայլը: Մեր հռետորաբանութիւնը կարծէք մթագնած ըլլայ մեր մտածելու, վերլուծելու, ծրագրելու կարողութիւնը....Անընդհատ կը խօսինք, կը ճառենք, կը գրենք, սակայն տակաւին չենք սորված Դիւանագիտութեան Այբուբենը, մեր ՊԱՀԱՆՋՆԵՐԸ ճիշդ ձեւակերպելու տարրական դասը, նոյնիսկ ներքին լսարանին համար....Իսկ թուրքը, զոր կարհամարհենք շարունակ, լաւ սորված է դիւանագիտական լեզուն եւ շարունակ մեզ խաղի բերած է...ԻՍԿ՝ ՀԻՄԱ՞.....

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել