Արդեօ՞ք մենք քայլ առ քայլ պիտի իւրացնենք ՕՏԱՐԻՆ ՏՕՆԵՐԸ, այսինքն ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊՆ ու ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ...Այս մտահոգութիւնը կունենամ յաճախ, տեսնելով այն ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ, որով համակուած են մեզմէ շատ-շատեր՝ օտար տօնի մը տօնակատարութեան դէմ յանդիման: Ասոր ցայտուն մէկ օրինակը՝ այս օրերուն տօնուելիք «ՀԱԼԼՈՈՒԻՆ» կոչուող տօնն է: Այդ տօնին յատուկ մթնոլորտով կը լեցուին անոնք, կը պատրաստեն զայն բնորոշող ճաշատեսակները, իրենց տուները կը զարդարեն տօնին յատուկ զարդարանքներով....կարծէք ուրիշին տօնը եղած ըլլար իրենց էութեան մէկ կարեւոր մասնիկը....Միւս կողմէ, ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԵՐՈՒՆ նկատմամբ՝ քար ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ, մեծաւ մասամբ, կամ շատ մակերեսային, ձեւական նշում մը միայն: ԱՅԴՔԱ՛Ն: Նման աննշան թուացող քայլերով, մենք հետզհետէ չե՞նք հեռանար արդեօք ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵՐ ԷՈՒԹԵՆԷՆ, կապկելով օտարին ԱՐԺԷՔՆԵՐՆ ու ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԸ....Արդեօ՞ք սա նաեւ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԺԱՆԱՊԱՏՒՈՒԹԵԱՆ խնդիր չէ....Փոքր թուացող նմանատիպ քայլերը, եթէ դառնան հետեւողական, կրնան վերածուիլ նուիրականացած աւանդութեան....ԻՍԿ Ո՞ՒՐ ԵՆ ՄԵՐ ՏՕՆԵՐԸ....
Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print
Տպել