ՇՈՒԱՐԱԾ ու ԱՆՏԷՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ մը՝ Հայութիւնը՝ ՀՀ-էն ներս թէ Սփիւռքի տարածքին....եւ բազմաձայն անվերջանալի զրոյց, տեսակէտներու եռանդուն փոխանակում՝ իրարու ՑԱՒԸ մեղմելու, սփոփարար, ամոքիչ բալասան որպէս....Այդ ցաւին մէջ, տեղի-անտեղի խօսքեր, ճիշդը սխալին հետ համախառն կարծիքներ, որակումներ, զայրոյթ արտայայտող բառեր....Մեր «տարտը» մենք միայն կրնանք ըմբռնել, զգալ, հասկնալ....«Խեղդուողը օձին կը փաթթուի», կըսէ մեր ժողովուրդը: Մենք ալ «խեղդուողի» վիճակին մէջ ենք, քանզի չի կրցանք «լողալ» սորվիլ ահա քանի տարիէ ու տասնամեակներէ ի վեր...Իսկ մեր շուրջը ամեհի ծովը կը փոթորկի....Ո՞ՐՆ Է ԵԼՔԸ: ՕՏԱՐԷՆ փրկութիւն չըլլայ որ սպասէք, սիրելի ժողովուրդ, մեր հարցերը ՄԵՆՔ ՈՒ ՄԻԱՅՆ ՄԵՆՔ ՊԻՏԻ ԼՈՒԾԵՆՔ՝ համերաշխ գիտակցութեամբ, պատասխանատուութեամբ, մեր սեփական ճակատագրին ՏԷՐԸ դառնալու յանձնառութեամբ, վճռակամութեամբ...ՄԵՆՔ ՄԵՐ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ԳՏՆԵՆՔ ԱՅԴ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺԸ, ԿԱՄՔԸ, ՆՈՒԻՐՈՒՄԸ՝ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅՈՑ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՆ....ԵՒ ՊԻՏԻ ՀԱՒԱՏԱՆՔ ՄԵՆՔ ՄԵԶԻ, թօթափելով այդ հնոտի ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ, իրաւ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՄԲ....

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել