Կիպրահայ կեանքին մէջ, եւ ոչ միայն, կայ ակնյայտ երեւոյթ մը, որ զիս կանհանգստացնէ շարունակ... Ատիկա՝ ԳԷՇ ՉԸԼԼԱԼՈՒ կամ ԳԷՇ ՉԵՐԵՒԵԼՈՒ սիրոյն, անարդար կամ սխալ արարքը կլլել է անձայն ու անաղմուկ՝ մեր ազգային-հաւաքական կեանքէն ներս, առանց պատասխանատուութեան կանչելու անոր հեղինակը, առանց քննադատելու տուեալ վնասաբեր արարքը... Բացէ ի բաց եւ անկեղծօրէն առարկելու փոխան մարդիկ կը նախընտրեն լռել եւ յետոյ միայն պախարակել տուեալ անձը՝ անոր բացակայութեան .....Ի՞նչ գոչել նման վարքագիծը՝ վախկոտութի՞ւն, համարձակութեան եւ քաջութեան պակա՞ս, անտարբերութի՞ւն ազգային մեր ցաւոտ խնդիրներուն նկատմամբ... Եւ այսպէս, սխալագործութիւնները կը շարունակուին անարգել, քանզի ԽԻՍՏ ՍԱԿԱՒՔ ԵՆ այն ԸՆՏՐԵԱԼՔ, որոնք պատրաստ են ի պահանջել հարկին ԳԷՇ ՄԱՐԴ ԸԼԼԱԼՈՒ, յանուն սխալի մը, թերութեան մը սրբագրումին մեր հաւաքական կեանքէն ներս...

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել