ՄԵԾ ԱՆՀԱՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ժամանակը շատոնց անցած կը թուի ըլլալ....«ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԴԵՄՈԿՐԱՏԻԱ» եզրոյթով բնորոշուող իրականութիւնը ներկայիս դարձեր է էապէս «ՊԻԶՆԵՍ»ի մտածողութեամբ եւ հոգեբանութեամբ կառավարուող կարգ ու սարք....ուր տիրական են նիւթապաշտութիւնը, շահամոլութիւնը եւ սպառողական քաղաքակրթութեան յատուկ «արժէք»ներու համակարգ մը: Այդ ՀԱՄԱԿԱՐԳԷՆ ներս, ՄԵԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ դժուար թէ աճին ու իրենց ԱՐԺԱՆԻ տեղը գտնեն հասարակութեան մէջ: Մինչդեռ ՄԻՋԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ, զորս կարելի է գնել ու վաճառել, կը բուսնին սունկի նման եւ կը գրաւեն հրապարակը ամենուր: Ներկայ դրուածքին մէջ, ԱՄԷՆ ՄԱՐԴ ԿԱՐԾԷՔ ԻՐ ԳԻՆԸ ՈՒՆԻ....ԵՒ ԿԸ ԿԱՏԱՐԷ ԳՆՈՐԴԻՆ ՊԱՏՈՒԷՐԸ....ՄԱՐԴԸ ԿԱՊՐԱՆՔԱՅՆԱՆԱՅ ԵՒ ԿԸ ԿՈՐՍՆՑՆԷ ԻՐ ԲՈՒՆ ԱՐԱՐՉԱՍՏԵՂԾ ԱՐԺԷՔԸ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել