Շատ սիրելի հայրենի երիտասարդութիւն, ՀԱՅԿՕ ԵՒ ԸՆԿԵՐՆԵՐ,

Պիտի ուզէի Սփիւռքի այս օտար ափերէն ՋԵՐՄԱԳԻՆ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔ ուղղել ձեզի, որ կրցաք մեր հայրենիքի մէկ դժուար ժամուն՝ ԲԱՐԻ եւ ՆԵՐՇՆՉՈՂ ՕՐԻՆԱԿ ըլլալ բոլորին, նախաձեռնողն ու մասնակիցը ըլլալով քաղաքացիական այն ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ, որ կը միտէր ՈՉ ըսել ուղեվարձի թանկացման...այսինքն՝ անարդարութեան: Դուք ձեր ժողովրդանուէր, հայրենանուէր արարքներով, փոխօգնութեան, կարեկցանքի, սիրոյ եւ նուիրումի վառ արտայայտութիւններով ապացուցեցիք բոլորին, որ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԼԻՆԵԼՈՒԹԵԱՆ ՅՈՅՍԸ դեռ մարած չէ...

Սիրելի երիտասարդներ, մեր հայրենիքը, հայութիւնը ամբողջ ներկայիս վարակուած են՝ դուրսէն ներմուծոււած ԽՈՐԹ ԵՒ ԿԵՂԾ չարժէքներու հրապոյրով, որ կը նսեմացնէ ու կը ոչնչացնէ տակաւ ԱԶԳԱՅԻՆ-ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ-ՀՈԳԵՒՈՐ իրա՛ւ արժէքներն ու գաղափարները, որոնք մեր ազգային էութեան, մեր լինելութեան ՀԻՄՔԵՐՈՒ ՀԻՄՔՆ են... Դուք, շատ յաճախ աննկատ կը ներքաշուիք այդ սուտ ու փուտ չարժէքներու հոսանքէն ներս` ակամայ սատարելով անոնց տարածմանը մեր ազգային-հաւաքական կեանքէն ներս...

Սիրելի Հայկօ եւ ընկերներ, դուք ձեր ՏԱՂԱՆԴՈՎ, ՁԵՐ ԱՐՈՒԵՍՏՈՎ, ԿՐՆԱՔ ՇԱՏ ԲԱՆ ՎԵՐԱՓՈԽԵԼ....ներշնչելով հայ հանրութիւնը, որ վերադառնայ իր հոգեւոր-բարոյական ճշմարիտ արժէքներուն....եւ չտարուի այդ իբր «նորարական», խորքին մէջ ապահայացնող, ապաբարոյականացնող ու այլասերող բարքերով, ապրելակերպով... Հայ ժողովուրդը շատ բան կակնկալէ ձեզմէ, որովհետեւ ձեր արուեստը, ձեր պահուածքը, վարքն ու բարքը ՎԱՐԱԿԻՉ են բոլորին համար ալ: Դուք էք ՄԵՐ ՎԱՂՈՒԱՆ ՅՈՅՍՆ ՈՒ ԼՈՅՍԸ... Ձեր ցուցաբերած հրաշալի ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ հիմք կու տայ մեզի հաւատալու, որ այսուհետ պիտի կարենաք նաեւ ԴԱՐՁԻ ԲԵՐԵԼ ՀԱՅ ՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ դէպի իր ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ-ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ-ՀՈԳԵՒՈՐ ՃՇՄԱՐԻՏ, ՎԱՒԵՐԱԿԱՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՆՔ ԵՐԱՇԽԻՔՆ ԵՆ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՅԱՐԱՏԵՒՄԱՆ: ՄԵՐ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՊԱԳԱՅԻՆ: ՀԱԶԱՐ ԱՊՐԻ՛Ք ԴՈՒՔ:

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել