Կամայ թէ ակամայ, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, մարդիկ ՀԵՐՈՍՆԵՐ կը փնտռեն ու կը գտնեն կեանքի մէջ, անոնցմէ ներշնչուելու, անոնցմէ օրինակ առնելու համար... Որո՞նք են մեր օրերու ՀԵՐՈՍՆԵՐԸ... Հայկական թէ օտար սերիալներու դերասաննե՞րը, գովազդային ժապաւէններու կամ ցուցանակներու մէջ «փայլող» կերպարնե՞րը, ճիփերով կամ մերսետեսներով ման եկող կամ շքեղ դղեակներու մէջ բնակող հարուստնե՞րը... Կա՞ն արդեօք մեր առօրեայ կեանքին մէջ երեւցող, յարգուած, փառաբանուած ԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ԿԵՊԱՐՆԵՐ, ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԳՈՐԾԻՉՆԵՐ ԵՒ ԱՅԼ ՆՈՒԻՐԵԱԼՆԵՐ, որոնց պիտի ձգտին նմանիլ հանրութեան, ի մասնաւորի նոր սերունդի ներկայացուցիչները... Թէ՞ անոնք ՇՈՒՔԻ ՄԷՋ են մնացած, ի բաղդատութիւն ՊԵՆԹԼԻՆԵՐՈՎ շրջագայող եւ նիւթական ՇՔԵՂՈՒԹԵԱՆ մէջ ապրող «աստղերուն», «օլիգարխներուն» եւ այլ գերհարուստներուն...

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել