Ձեւի եւ ձեւականութեան մեր ժամանակներուն, մարդ էակը այնքան կարօտը ունի խորքային ճշմարիտ խօսքի, որ արտայայտէ իրա՛ւ ապրումներ, անկեղծ զգացումներ, ինքնատիպ մտքեր... Այլապէս, ամբողջ ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԴԱՇՏԸ եւ անոր յարակից հարթակները ողողուած են ՄԱԿԵՐԵՍԱՅԻՆ լուրերով, աննշան երեւոյթներով, բան չըսող արտայայտութիւններով, որոնք կարծէք կը միտին մարդկային կեանքը դարձնելու ծանծաղ, դիւրաւ կառավարելի...ի շահ աշխարհակալ որոշ ոյժերու, որոնք անտեսանելի թելերով կը ձեռնավարեն մարդոց կեանքը, անոնց ճաշակը, ապրելակերպը, գիտակցութեան մակարդակը... Կարեւոր դարձած է տեղեկութեանց առատ հոսքը, քանակը ի վնաս եւ ի հաշիւ ԿԵԱՆՔԸ արժեւորող ՈՐԱԿԻ...

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել