Մենք բոլորս ԵՆԹԱԿԱՅ ենք ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԻ տրամաբանութեան... Երանի՛ անոր, որ կրնայ ՆԱԽԱՏԵՍԵԼ, թէ դէպքերու եւ իրադարձութեանց ընթացքը դէպի ո՞ւր կրնայ առաջնորդել ԱԶԳՆ ու ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ... Գոնէ կարենալու համար ՃԻՇԴ ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒԻԼ եւ ԱՆԽԱՓԱՆ պահպանել ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ եւ ՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂԵԳԻԾԸ....կարենալու համար մանաւանդ որ ՄԵՆՔ ըլլանք ՏԷՐԸ ՄԵՐ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ....եւ զոհ չդառնանք այդ նոյն ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ անիւներուն տակ... ԴԻՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՄ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴԻ ՇԱՐԺՈՒՄԸ ԵՐԱՆԻ ԹԷ ԸԼԼԱՅ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆ, բայց մանաւանդ սկիզբէն եւեթ յստակացնէ ինքն իրեն համար, որ վերջ ի վերջոյ ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԱՅՆ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ, ԱՅՆ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐԸ, որոնց համար կեանքի կը կոչուին ՊԵՏԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ....քանզի նոյնիսկ եթէ ունենանք շատ լաւ գործող ՊԵՏԱԿԱՆ ՎԱՐՉԱՄԵՔԵՆԱՅ, ԲԱՅՑ ՉԿԱՐԵՆԱՆՔ ԱՆՈՐ ՀԻՄՔԵՐՈՒ ՀԻՄՔԻՆ ԴՆԵԼ ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ, ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅԵՑԻ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՅԹՆԵՐԸ, յայնժամ մենք կը դառնանք ներկայ աշխարհակարգի յետին գաւառներէն մէկը, անոր ՍՊԱՌՈՂԱԿԱՆ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ՄԷԿ ԱՆՆՇԱՆ ՊՏՈՒՏԱԿԸ...

Կայքում տեղ գտած մտքերն ու տեսակետները հեղինակի սեփականությունն են և կարող են չհամընկնել BlogNews.am-ի խմբագրության տեսակետների հետ:
print Տպել