Հայրենասիրություն բառ նուիրական, զոր կօգտագործենք տեղի-անտեղի,


20:27 , 29 հոկտեմբեր, 2013

ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ....Բառ նուիրական, զոր կօգտագործենք տեղի-անտեղի, ի խորոց սրտի թէ լոկ ցուցադրական, խորապրուած թէ մակերեսային....Բայց ճշմարիտ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ այնքան ԽՈՐ է, զոր բառարանային բառը դժուար թէ կարենայ պարագրկել անոր ամբողջական իմաստը, արտայայտել անոր ամբողջական ԷՈՒԹԻՒՆԸ....Ներքին կրակ է ան, մշտավառ յոյս, անշէջ լոյս, անմար սէր, նուիրում ու ՈԳԻ, որ՝ հասունցող տարիքին հետ, աւելի կը խորանայ, կարմատանայ....կը դառնայ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԻՄԱՍՏ, ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ....ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ...Գերագոյն ներշնչարանը մեր ամէնէն վսեմ ու վեհ արարքներուն....