Զարմանալի, առեղծուածային է կեանքը առհասարակ


18:15 , 25 հոկտեմբեր, 2013

Զարմանալի, առեղծուածային է կեանքը առհասարակ....Օր մը ներքուստ անխռով ու հանգիստ ենք, ուրիշ օր մը՝ մեր ներաշխարհը կը փոթորկի՝ չես գիտեր ուրկէ՞ բխած ներքին ալեկոծումներով, յուշ-ապրումներով, խռովք-տագնապներով....Բացատրութիւնը ո՞ւր գտնել...Միթէ՞ կարելի է բացատրել, թէ ինչպէ՞ս խաղաղ ու հանդարտ ծովը ամեհի՝ մէկ օրէն միւսը, յանկարծ կալեկոծի փոթորկայոյզ, չես գիտեր ուրկէ՞ կը յայտնուին վիթխարի ալիքները....ծովուն ընդերքէ՞ն կը ծնին արդեօք, հրեղէն ժայթքումով մը կարծէք, եւ կը սպառնան խեղդամահ ընել ամէնէն յանդուգն լողորդն անգամ....Մարդ էակն ալ սերտօրէն առնչակից է ԲՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՏԻԵԶԵՐՔԻ ՕՐԷՆՔՆԵՐՈՒՆ, որոնց իմացութիւնը այնքան ԹԵՐԻ է մարդ արարածին բանականութեան համար....Սակայն, մարդուն ԲՆԱԶԴԸ թէ ՍԻՐՏԸ ըսեմ, կրնայ խորզգալ այդ ԿԱՊԸ կամ նոյնիսկ ՆՈՅՆՈՒԹԻՒՆԸ, որ կայ բնութեան եւ մարդուն ԷՈՒԹԵԱՆ միջեւ....Իսկ ՍԻՐՏԸ մարդուն չի խաբեր երբեք....