Շատեր կարծէք ուրիշին կեանքը կապրին, կը կապկեն


17:34 , 17 հոկտեմբեր, 2013

ՀԱՒԱՏԱՐԻՄ ՄՆԱԼ ԻՆՔՆ ԻՐԵՆ....Շատեր կարծէք ուրիշին կեանքը կապրին, կը կապկեն ուրիշին ճաշակը, նիստուկացը, հագուստ-կապուստը, կորդեգրեն այլոց տեսակէտները...Ինքզինք յարգող մարդը կունենայ իր անհատականութիւնը, կը մնայ ունկնդիր իր ներքին ձայնին, կը մշակէ իր ինքնուրոյն ճաշակը, կը սորվի սեփական փորձառութենէն, դաս կառնէ այլոց փորձառութենէն ալ, առանց սակայն կուրօրէն ենթարկուելու անոնց...Հոգեմտաւոր ԾՈՒԼՈՒԹԵԱՆ եւ ՍՏՐԿԱՄՏՈՒԹԵԱՆ հետեւանք է ԿԱՊԿՈՒՄԸ, որ ոչինչ կաւելցնէ ԱՆՁԻՆ ԸՆԴԱՐՁԱԿՄԱՆ, ԽՈՐԱՑՄԱՆ, ՀԱՐՍՏԱՑՄԱՆ....Չապրելու պէս բան մըն է ան...Արհեստավարժութեան լեզուով ըսուած՝