Ոմանք միայն իրենց շրջապատի սևն ու ստուերը կը տեսնեն եւ աչք կը փակեն ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՆ նկատմամբ


20:41 , 16 հոկտեմբեր, 2013

Ոմանք միայն իրենց շրջապատի ՍԵՒՆ ու ՍՏՈՒԵՐԸ կը տեսնեն եւ կամովին աչք կը փակեն ՍՊԻՏԱԿԻՆ եւ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՆ նկատմամբ, տարածելով այն թիւր կարծիքը, որ ամէն ինչ շատ վատ է հայ կեանքին մէջ....Չկայ հայ գրող, չկայ հայ հրապարակագիր, չկայ ճիշդ հայերէնով արտայայտուող, չկայ որակաւոր գրականութիւն....Նմանները կը կարծեն, որ ՍԵՒՑՆԵԼՈՎ ուրիշները, կրնան ԲԱՐՁՐԱՆԱԼ իրենք եւ ոչինչէն վաստակ ապահովել իրենց անունին...Օրն ի բուն, կը վարկաբեկեն նոյնիսկ անոնց, որոնք քիչ թէ շատ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴՐՕՐԷՆ լծուած են իրենց հայանուէր աշխատանքին, բան մը կը փնտռեն՝ ստուեր մը, եւ նոյնիսկ եթէ չգտնեն զայն, կա՛մ կը յօրինեն սուտ ու փուտ բաներ, կա՛մ ալ անձնական վիրաւորանքով եւ նողկալի ծաղրանքով կանարգեն զանոնք Ի ՅԱԳՈՒՐԴ սեփական ներքին ՆԱԽԱՆՁԻ՞Ն, ՉԱՐԱԿԱՄՈՒԹԵ՞ԱՆ....Չեմ գիտեր: Սակայն ասիկա ես անձնապէս նկատած եմ եւ ցաւած՝ ոչ թէ իմ հասցէիս ուղղուած վիրաւորանքին համար, այլ մանաւանդ անոր համար որ մարդ ինչպէ՞ս կրնայ այնքան ցած իջնել եւ թոյլ տալ ինքն իրեն՝ ցեխարձակումներ կատարել եւ անկէ հաճոյք զգալ....Սա յատուկ է միայն ՀԻՒԱՆԴ ՀՈԳԻՆԵՐՈՒՆ ԱՆԿԱՍԿԱԾ, ՈՐՈՆՔ ԲՈՒԺՄԱՆ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻՆ....