Ոճը մարդ է


00:17 , 11 հոկտեմբեր, 2013

ՈՃԸ ՄԱՐԴՆ Է...Որքան ճիշդ է ըսուած...իսկ ոճը կերեւի եւ արտայայտութիւն կը գտնէ մեր խօսուածքին մէջ, մեր նիստուկացին, մեր հագուստ-կապուստին, մեր պահուածքին ու վարուելակերպին մէջ....ԿԵԱՆՔԻ ՃԱՇԱԿԻՆ մէջ: Կայ նաեւ ԱԶԳԻ ՈՃԸ, որ կարտայայտէ անոր գեղագիտական ճաշակը, աշխարհազգացողութիւնը, հոգեբանութիւնը, նկարագիրը....եւ իր բուն դրսեւորումը կը գտնէ ազգի մշակոյթին, արուեստին, անոր գիր ու գրականութեան, Բառ ու Բանին մէջ....ՈՃԵՐՈՒ ԱՅԼԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՇԽԱՐՀԻ ՀԱՐՍՏՈՒԹԻՒՆՆ Է....Ինչ տաղտկալի պիտի ըլլար, արդարեւ, եթէ մէկ ու միանման ըլլար մարդկանց եւ ազգաց ՈՃԸ....ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅՆԱՑՈՒՄԸ կը միտի ջնջելու ՈՃԵՐՈՒ ԱՅՍ ԱՅԼԱԶԱՆՈՒԹԻՒՆԸ եւ կեանքը դարձնելու ՄԻԱԿԵՐՊ, ՄԻԱՃԱՇԱԿ....այսինքն՝ ՄԻԱՊԱՂԱՂ....