Այսօր Սուրիոյ հարցը վերարժեւորելը եւ վերստին վերլուծումներ կատարելը հարցին էութենէ բան չի փոխեր


22:55 , 24 սեպտեմբեր, 2013

Յովիկ Թրթռեան կը գրէ՝ Այսօր Սուրիոյ հարցը վերարժեւորելը եւ վերստին վերլուծումներ կատարելը հարցին էութենէ բան չի փոխեր: Կը կարծեմ որ ժամանակավրէպ է այլեւս խօսիլը թէ ո՞վ սխալ է, ո՞վ ճիշտ է եւ կամ ո՞ր կողմը կը ներկայացնէ բացարձակ ճշմարտութիւնը եւ իրականութիւնը եւ ո՞ր կողմը հակառակը: Մեր կողմնորոշումը այս հարցին մէջ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ, հետեւաբար մենք պէտք է խօսինք եւ կամ քննարկումներ կատարենքՍուրիահայութիւնը եւ ի մասնաւորի Հալէպահայութիւնը այս վիճակէն նուազագոյն վնասով դուրս բերելու մասին: 

Եթէ այսօր իշխանութիւնը կ՛երաշխաւորէ մեր գոյութիւնը, մենք հոն պիտի թեքինք, անկախ մեր ունեցած կողմնորոշումէն, իսկ եթէ ընդդիմադիրները այդ մէկը կ՛երաշխաւորեն, անոնց հետ լեզու պիտի գտնենք: Մեզի համար հիմնականը հայութեան պահպանումն եւ անվտանգութիւնն է: Ձգեցէք ուրիշները թող զբաղին մարդկային արժէքներով, ժողովրդավարութեան, արդարութեան, ազատութեան եւ այլ գաղափարախօսութիւններով, որոնք պիտակներ են, գերպետութիւններ իրենց ուզած ժամանակին խոշորացոյցի տակ կառնեն եւ կամ կոյր կը ձեւանան՝ մեկնելով իրենց աշխարհակալական շահերէն: 

Մեր որդեգրելիք քաղաքականութիւնը այսօր, վաղը եւ ապագային, միշտ նոյն է՝ մենք պիտի համակերպինք իշխող իշխանութեան հետ, ինչ ձեւի մէջ որ ըլլայ: Վերջաւորութեան իշխանութիւնները գնայուն են եւ կամ փոփոխական են՝ միայն ժողովուրդն է մնայուն: Ամէնէ ցայտուն օրինակը Պարսկաստանն է, ուր հայութիւնը համակերպեցաւ եւ շարունակեց ապրիլ իր կեանքը իսլամական յեղափոխութենէն առաջ եւ ետք: