Մեր մէջ այնքան քիչ են եղել ճշմարիտ հայրենասերները


23:47 , 17 սեպտեմբեր, 2013

Մեր մէջ այնքան քիչ են եղեր ՃՇՄԱՐԻՏ ՀԱՅՐԵՆԱՍԷՐՆԵՐԸ...եւ այնքան շատ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԱՆՈՒՆՈՎ խօսողները...., որոնք չարաչար եղծաներ, շահագործեր են այդ բառ-հասկացութիւնը յանուն ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԻ: Մինչդեռ իրաւ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆԸ, ինչպէս կըսէ բանաստեղծը, «ամօթխած զգացում մըն է, զոր կապրիս սրտիդ սեղմած»: Ինչպէս բոլոր սէրերը, զայն ճշմարտօրէն ունեցողները զայն կը կրեն իրենց սրտին մէջ, որպէս հոգիի գաղտնիք, խորախորհուրդ ապրում, եւ չեն յայտարարեր զայն բացէ ի բաց, հրապարակայնօրէն, ի լուր աշխարհին....«Ստահակին վերջին ապաստանը իր հայրենասիրութիւնն է», կըսէ ժողովուրդը: ՉԵՄ ՀԱՒԱՏԱՐ ՊՈՌՊՌԱՆ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ: