Շուկայացնելով և փոշիացնելով իր հոգեւոր արժէքներն ու սրբութիւնները, ազգ մը կորստեան կը դատապարտէ ինքզինք


17:35 , 16 սեպտեմբեր, 2013

Շուկայական համատարած մտայնութեան արշաւին մէջ, ամէն ինչ կը թուի թէ իր ՆԻՒԹԱԿԱՆ արժէքն ունի, ամէն ինչ ԱՊՐԱՆՔ է, ամէն ինչ ԾԱԽՈՒ է....Այս մտայնութիւնը որքա՛ն ԱՒԵՐ կը գործէ ի մասնաւորի՝ դար ու դարերով, ՀՈԳԵՒՈՐ արժէքներով ապրող ու սնանող մեր ժողովուրդին: Ինչպէ՞ս կարելի է, օրինակ, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑԸ արժեւորել իր ձեռքբերած ՆԻՒԹԱԿԱՆ ՇԱՀՈՎ, ինչպէ՞ս կարելի է դրամական գին սահմանել ՀԱՅԵՑԻ ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԻ արժէքները նիւթականացնել, մեր ձեռագիր մատեանները շուկայի ապրանքի վերածել, եւ այսպէս շարունակ: Ժողովուրդ մը կրնա՞յ ապրիլ առանց իր ՍՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, որոնք ԱՆՍԱԿԱՐԿԵԼԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐ են, իր ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԷՈՒԹԻՒՆՆ են....Շուկայացնելով եւ փոշիացնելով իր հոգեւոր արժէքներն ու սրբութիւնները, ազգ մը հաստատապէս կորստեան կը դատապարտէ ինքզինք....