Մեր հին, բայց չհինցող աշխարհը հետզհետէ ԹԱՓԱՆՑԻԿ կը դառնայ


16:24 , 16 սեպտեմբեր, 2013

 Մեր հին, բայց չհինցող աշխարհը հետզհետէ ԹԱՓԱՆՑԻԿ կը դառնայ, շնորհիւ մանաւանդ այս ընկերային ցանցերուն, ուր ամէն ինչ կարելի է ՔՆՆԱՐԿԵԼ բաց մտքով, բազմաձայն զրոյցի առարկայ դարձնել....նոյնիսկ այնպիսի թեմաներ, որոնք մէկ-երկու տասնամեակ առաջ թապու կը նկատուէին, կամ՝ անքննելի....Կարելի՞ էր, օրինակ, բաց քննարկման նիւթ դարձնել Հայ Եկեղեցւոյ Սպասաւորներուն՝ Հոգեւորականներուն Վարքն ու Բարքը, արարքները, գործելակերպը.... ԹԱՓԱՆՑԻԿՈՒԹԻՒՆԸ,վստահաբար, տուն կրնայ տալ ՀԱՇՈՒԵՏՒՈՒԹԵԱՆ: Իսկ ՀԱՆՐԱՅԻՆ, ԱԶԳԱՅԻՆ որեւէ գործունէութեան ոլորտի ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՆԵՐ՝ ԱՇԽԱՐՀԱԿԱՆ թէ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆ, ՀԱՇՈՒԵՏՈՒ ԸԼԼԱԼՈՒ ԵՆ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ: