Մեր կեանքի նպատակը պիտի դառնայ ԿԵԱՆՔԻ ԲԱՐԵԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ապահովել ամէն գնով


18:32 , 11 սեպտեմբեր, 2013

ՈՐՈ՞ՆՔ ԵՆ ԼԱՒ ԿԵԱՆՔԻ ԱՐԺԵՉԱՓԵՐԸ մեր մօտ ընդհանրապէս: Շքեղ բնակարանն ու մեքենա՞ն, դրամատնային հաշուի քանա՞կը, թանկարժէք գոհարեղէնն ու հագուստ-կապո՞ւստը, բարձրակարգ արձակո՞ւրդի պայմանները... Շարքը կարելի է երկարել ու երկարել... Եթէ միայն ՆԻՒԹԱԿԱՆ այս պայմաններն են որ պիտի սահմանեն մեր կեանքի ՈՐԱԿԸ, յայնժամ բնականաբար ԵՏՔԱՅԼ պիտի արձանագրեն ազգային-մշակութային արժէքներու համակարգը, գիտութիւնն ու կրթութիւնը, բարոյական-հոգեւոր արժէքները.....եւ մեր ԿԵԱՆՔԻ ՆՊԱՏԱԿԸ պիտի դառնայ ԿԵԱՆՔԻ ԲԱՐԵԿԵՑՈՒԹԻՒՆԸ ապահովել ամէն գնով... Բայց սա չէ՞, որ օրն ի բուն կը ԳՈՎԱԶԴՈՒԻ ԲԱՐՁՐԱՂԱՂԱԿ բոլոր հրապարակներէն...