Լուրերու, տեղեկութեանց ՔԱՆԱԿԸ կրնա՞յ երբեւէ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿ դառնալ


19:35 , 11 սեպտեմբեր, 2013

Լուրերու, տեղեկութեանց ՔԱՆԱԿԸ կրնա՞յ երբեւէ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՈՐԱԿ դառնալ... Ժամանակակից դարը էապէս կը տառապի այս «հիւանդութենէն»... Ամէն ակնթարթ լուրերու ՏԱՐԱՓ մը կը ներխուժէ մեր կեանքին մէջ, որ խառնաշփոթ կը ստեղծէ մեր մտքերուն մէջ... Մինչդեռ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՈՐԱԿ Է, որ կը կերտուի ԻՆՔՆԱՃԱՆԱՉՈՒՄՈՎ, հոգիի եւ մտքի հարստութեամբ, խորացումով, լայն իմաստով ՃԱՆԱՉՈՂՈՒԹԵԱՄԲ: Առանց այդ ճանաչողութեան մարդ էակը, մարդկային միտքը կը դառնայ ՀԱՄԱԿԱՐԳԻՉԻ նման մի սարք, որ կրնայ մէկտեղել բոլոր ծանօթութիւնները, տեղեկութիւնները....սակայն ԶՈՒՐԿ կը մնայ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵՆԷ...