ԱՄՆ-ը որոշած է ռազմական միջամտութիւն կատարել Սուրիա


15:44 , 4 սեպտեմբեր, 2013

Տեղական մամուլը բարձրագոչ կը յայտնէ, որ ԱՄՆ-ը որոշած է ռազմական միջամտութիւն կատարել ՍՈՒՐԻԱ... Իրեն հետ զինակից եւ գործակից է Ֆրանսան: Գետնի վրայ յայտնաբերուած փաստերը, ինչ կը վերաբերի քիմիական զէնքերուն, ԸՍՏ ԿԱՄՍ մեկնաբանելով, ԱՄՆ-ը որոշած է իր ռազմական գործողութիւնները իրականացնել... Ո՞Վ կրնայ արգելք ըլլալ... Անգամ մը եւս, ԻՐԱՒՈՒՆՔԸ ԶՕՐԱՒՈՐԻՆ Է: ԻՍԿ Թուրքիան, տարուած իր ՆԷՕ-ՕՍՄԱՆԵԱՆ ծաւալողապաշտ քաղաքականութեամբ, պիտի աջակցի ամէն կերպով: ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր անդամը Թուրքիան է, որ վաղուց կ՛երազէր յարձակում գործել Սուրիոյ վրայ՝ իր սեփական շահերուն հետամուտ....որոնց մէկ ոչ-արհամարհելի մասն է ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԱՂՈՒԹԻ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄԸ... Այն գաղութին՝ որ իր ՏԷՐ-ԶՕՐՈՎ եւ այլ վայրերով, հայ տարագիր ու պահանջատէր համայնքով, ՍՊԱՌՆԱԼԻՔ է իր անվտանգութեան, ՅՈՒՇԱՐԱՐ է իր արիւնոտ անցեալին: ՈՒՆԻ՞ՆՔ ՈՐԵՒԷ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԵՐԱՇԽԻՔ ՄԵՐ ՄԱՅՐ ԳԱՂՈՒԹԻՒՆ ՀԱՄԱՐ, ՈՐԵՒԷ ՊԵՏԱԿԱՆ ՀՈՎԱՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒ՞Ն ԱՆՈՐ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ Ի ԽՆԴԻՐ... Սա ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐ Է, որուն լուծման առաջարկները երբեք չքննուեցան մեր «անկախ» պետութեան այրերուն կողմէ: