Օտար ոյժը կը մնայ օտար և կգործէ միայն ու միայն համաձայն իր շահերուն


14:14 , 4 սեպտեմբեր, 2013

Ցաւով կը յիշեմ այն սեւ օրերը՝ Կիպրոսի մէջ, երբ ասկէ շուրջ քառասուն տարիներ առաջ թրքական բանակը ներխուժեց կղզին եւ, բառիս բուն իմաստով, յօշոտեց զայն` կղզիին գրեթէ կէս բնակչութիւնը գաղթական դարձնելով իր իսկ ՊԱՊԵՆԱԿԱՆ ՀՈՂԻՆ վրայ... Այս բարբարոսութիւնը կատարուեցաւ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲԸ՝ ԱՄՆ-ի եւ «մարդկային իրաւունքներ եւ դեմոկրատիա» քարոզող ոյժերուն: ՕՏԱՐ ՈՅԺԸ ԿԸ ՄՆԱՅ ՕՏԱՐ, ԵՒ ԿԸ ԳՈՐԾԷ ՄԻԱՅՆ ՈՒ ՄԻԱՅՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ ԻՐ ՇԱՀԵՐՈՒՆ... Ո՛Վ ալ ըլլայ այդ ոյժը եւ ԻՆՉ անուն ալ ունենայ ան... Մեր ազգային կործանումը կամ զարգացումը միայն ու միայն ՄԵԶՄԷ Է ԿԱԽԵԱԼ... Մենք պիտի ըլլանք եւ կրնանք ՏԷՐԸ դառնալ մեր ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ, բոլոր պայմաններուն մէջ ալ: Կը բաւէ, որ ունենանք ԱԶԳԱՅԻՆ-ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱԳԻՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԿԱՄՔ: Ո՛չ Մաքսային Միութեան մէջ ըլլալը, ո՛չ ալ ԵՄ ասոցիացիան կամ գործընկերութիւնը կրնան էապէս խոչընդոտել մեր ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՆԿՐՏՈՒՄՆԵՐԸ, եթէ մենք ԼԻԱՐԺԷՔ կերպով ՅԱՆՁՆԱՌՈՒ ենք անոնց իրագործման: