Աշխարհի ղեկը, ավելի ճիշտ՝ աշխարհի ոստիկանապետի դերը ստանձնել է ԱՄՆ-ն


21:07 , 30 օգոստոս, 2013

Այսօր աշխարհի ղեկը, աւելի ճիշդ՝ աշխարհի ոստիկանապետի դերը վերցուցած է ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐԸ, որ մտրակը ձեռքին՝ ասոր-անոր դասեր կու տայ, կը յոխորտայ, բռնութիւններ ի գործ կը դնէ ի կատար ածելու համար իր նպատակները....Եւ չկայ ՄԷԿ հատիկ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ, ԵՐԿԻՐ ԹԷ ԱԶԳ...որ կարենայ ԼԻԱՐԺԷՔ կերպով ԿԱՐԳԻ ՀՐԱՒԻՐԵԼ զայն....Տակաւին, ահաբեկչութեանց իբր դէմ դնելու համար, ԻՆՔ կը գործէ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ եւ այսպէս շարունակաբար ան ի ցոյց կը դնէ աշխարհին իր ՍՈՒՐ ԱՏԱՄՆԵՐԸ: Սուրիոյ տագնապին հարցով եւս, ԱՄՆ իր վրայ է վերցուցած աշխարհի ՈՍՏԻԿԱՆԱՊԵՏԻ դերակատարումը, երբ նոյնիսկ Բրիտանիան, անսալով իր Խորհրդարանին, ետ կը կենայ՝ Սուրիոյ վրայ որեւէ ռազմական գործողութիւն իրականացնելու որոշումէն...Ո՞Վ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՅ ՁԵՌՔԸ ԲՌՆԵԼ ԱՅՍ ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆ ԲՌՆԱԿԱԼԻՆ...