Մարդկութեան ՈՂՋԱՄԻՏ հատուածը վստահաբար դէմ է ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ


15:02 , 30 օգոստոս, 2013

Յոյսի նշոյլներ կ՛առկայծին, երբ ԱՄՆ-ի տարբեր քաղաքներուն մէջ, քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ ԲՈՂՈՔԻ ՑՈՅՑԵՐ կ՛ընեն՝ Ո՛Չ ԱՄՆ-Ի ՌԱԶՄԱԿԱՆ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ վերտառութեամբ պաստառներ բռնած... Նմանապէս՝ երբ Բրիտանիոյ Խորհրդարանը Ո՛Չ կը քուէարկէ մեծամասնութեամբ՝ Բրիտանիոյ ռազմական միջամտութեան... Աթէնքի մէջ ցոյցեր կ՛ըլլան ԱՄՆ-ի դեսպանատան դիմաց առ ի բողոք ԱՄՆ-ի ռազմական ներխուժումին Սուրիա... Մարդկութեան ՈՂՋԱՄԻՏ հատուածը վստահաբար դէմ է ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ եւ կողմ ու սատար է ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ... ԻՐԱ՛Ւ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ եւ ՄԱՐԴԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ: ԲԱԽՏՈՐՈՇ են օրերը: Գէթ այս անգամ, ԲԱՐԻԻ ոյժերը պիտի կարենա՞ն յաղթանակ տանիլ ՉԱՐԻՆ դէմ, որ ԱՄԲԱՐՏԱՒԱՆՈՒԹԵԱՆ իր գագաթնակէտին է հասած...