Քսանմեկերորդ դարում գիտական սրնթացի հետ պետք է բարելավեր նաև մարդկային կյանքը


21:17 , 28 օգոստոս, 2013

ՔՍԱՆՄԷԿԵՐՈՐԴ ԴԱՐ....Պիտի թուէր որ գիտական սրընթաց ոստումին հետ, մարդկային կեանքի բուն ՈՐԱԿԸ նոյնպէս պիտի բարելաւուէր....այսինքն ՆԵՐՔԻՆ ՄԱՐԴԸ, իր խիղճով, բարոյականութեամբ, աշխարհայեացքով....Բայց գիտութեան հսկայաքայլ զարգացման հետ, մարդը դարձաւ առաւել ամբարտաւան, գոռոզամիտ, անխիղճ ու անզգամ իր նմաններուն նկատմամբ....Որքան ճիշդ կը հնչէ ֆրանսական առածը՝ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԱՌԱՆՑ ԽԻՂՃԻ ՀՈԳԻԻՆ ԿՈՐԾԱՆՈՒՄՆ Է ՍՈՍԿ: (science sans conscience nest que ruine de lame) Ներկայի դաժան աշխարհին մէջ, գիտութիւնն ու գիտահնարները կը ծառայեն յատկապէս կործանելու ՄԱՐԴ ԷԱԿՆ ու ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԻՒՆԸ....