Հայերից շատ-շատեր հակում ունեն խուսափելու քաղաքական ու քաղաքացիական գլխացավանք հարցերից


23:18 , 24 օգոստոս, 2013

Շատ-շատեր հայերէս հակում ունինք խուսափելու քաղաքական-քաղաքացիական գլխացաւանք-հարցերէն....Սակայն, խուսափիլը լուծում չէ երբեք, այլ՝ տեսակ մը ջայլամի քաղաքականութիւն....քանզի այդ ՀԱՐՑԵՐԸ՝ իրենք, կը ստիպեն որ զբաղիս անոնցմով, կեցուածք ու վերաբերմունք ճշդես անոնց նկատմամբ, վաղ թէ ուշ....: Սփիւռքէն ԱԶԴՈՒ ՁԱՅՆ չլսուեցաւ Հայաստանի մէջ կատարուող իրադարձութեանց մասին, քաղաքացիական գործիչներուն եւ ոստիկանութեան միջեւ պատահած բախումներուն մասին....Այն քաղաքացիներուն՝ որոնք փողոց էին իջած ի պաշտպանութիւն իրենց ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒՆ, որոնք շարունակաբար կոտնակոխուին քրէա-օլիգարխիկ համակարգին կողմէ....ՄԻՆՉԵՒ Ե՞ՐԲ: Համբերութեան բաժակը շատոնց յորդած է մեր հայրենի քոյրերուն եւ եղբայրներուն մօտ....ՊԻՏԻ ԶՕՐԱԽԻԳ ՈՒ ԶՕՐԱԿԻՑ ԸԼԼԱԼ ԱՆՈՆՑ ԱՐԴԱՐ ՊԱՅՔԱՐԻՆ....ՍՓԻՒՌՔԸ ՊԷՏՔ ՉԷ ԱՆՏԱՐԲԵՐ ՄՆԱՅ ԱՆՈՆՑ ԱՂԵՐՍԻՆ, ԱՐԴԱՐ ԸՆԴՎԶՈՒՄԻՆ ԵՒ ՑԱՍՈՒՄԻՆ ՆԿԱՏՄԱՄԲ....