Եգիպտոսն արագ քայլերով մտնում է քաղաքացիական արյունոտ պատերազմի մեջ


14:49 , 15 օգոստոս, 2013

Վստահ եմ, որ երէկ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած սպանդը իր մեծ հետեւանքները պիտի ունենայ Գահիրէի ընդհանուր իրավիճակին վրայ, ու եթէ օրուան իշխանութիւնները կարեւոր եւ տեղին զիջումներու չերթան ... ապա Եգիպտոս արագ քայլերով կը մտնէ քաղաքացիական արիւնոտ պատերազմի հանգրուան մը, որմէ պիտի տուժեն բոլորը անխտիր: Իսկ անոնք, որ հրկիզուած եկեղեցիներու նկարներ դնելով կը փորձեն մեղքի մեծ բաժինը «Իսլամ Եղբայրներ» ու ուսերուն բեռցնել, չարաչար կը սխալին: Կոյրեր են միանշանակ: Մէկ օրուան մէջ 600 հոգի սպանուած է: Անընդունելի է, ու թափուած արիւնը արիւն է: Իսկ եկեղեցի հրկիզելու երեւոյթը ընդհանուր իրավիճակը շեղելու կը միտի եւ նպատակ ունի քրիստոնեայ-իսլամ բախումներու առաջնորդել... Բան մը, որ հեռանկարային չէ: