Արևմտյան դեմոկրատիայի արժեքները մեր երկրի համար դարձել են չարյաց աղբյուր


18:11 , 12 օգոստոս, 2013

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԴԵՄՈԿՐԱՏԻԱՅԻ ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ՝ ԽՂՃԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ, ԲԱԶՄԱԿԱՐԾՈՒԹԵԱՆ... այնքան են խեղաթիւրուած ու վարկաբեկուած, որ դարձեր են տեսակ մը ՉԱՐԵԱՑ ԱՂԲԻՒՐ մեր երկրին համար: ԽՂՃԻ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւնը դարձեր է ազգակոծան ԱՂԱՆԴՆԵՐՈՒ ազատ ներխուժում մեր հանրապետութենէն ներս... ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐ հասկացութիւնը դարձեր է նաեւ այլ իրաւունքներու շարքին, մարդ էակի ՍԵՌԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅԼԱՓՈԽԵԼՈՒ իրաւունք, ինչ-որ աստիճանական քայքայման կառաջնորդէ մեր ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿՈՐԻԶ՝ ՀԱՅ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ... ԲԱԶՄԱԿԱՐԾՈՒԹԻՒՆ հասկացութիւնն ալ դարձեր է ՍՈՒՏՆ ՈՒ ԻՐԱՒԸ, ԿԵՂԾՆ ՈՒ ՃՇՄԱՐԻՏԸ ԻՐԱՐ ԽԱՌՆԱԾ տեսակ մը ԽԱՌՆԻՃԱՂԱՆՃ, ԿԱՐԾԻՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆԱՇՓՈԹ, ուր այնքան դիւրին է ՄՈԼՈՐՈՒԻԼ ԿԵՂԾ ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ, ԱԶԳԱՔԱՆԴ ԳԱՂԱՓԱՐՆԵՐՈՒ ԽԱՌՆԱԿՈՅՏԻՆ մէջ...