Հայրենի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ գործքով ցոյց տուաւ որ ան ՏԷՐՆ Է ԻՐ ԵՐԿՐԻՆ


12:54 , 28 հուլիս, 2013

Հայրենի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԻՒՆԸ գործքով ցոյց տուաւ որ ան ՏԷՐՆ Է ԻՐ ԵՐԿՐԻՆ....ՏԷՐԸ ԸԼԼԱԼԸ ՄԵԾԱԳՈՅՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՒՈՒԹԻՒՆ Է...Անիկա էապէս կը նշանակէ ոչ միայն պահանջատիրութիւնը ստանձնել իր քաղաքացիական իրաւունքներուն, այլեւ՝ այդ քաղաքացիութեան բուն իմաստ ու նշանակութիւն փոխանցող ԱԶԳԱՅԻՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ, որուն ԿՈՐԻԶՆ է ԱԶԳԱՅԻՆ ԼԵԶՈՒՆ, ՀԱՅ ՄՇԱԿՈՅԹԸ, առանց որոնց ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔ հասկացութիւնը պիտի պարպուէր իր ազգային-հայրենական բովանդակութենէն....ԱԶԳԱՅԻՆ-ՀԱՅՐԵՆԱԿԱՆ-ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆՆ Է ՈՐ ՈԳԵՂԷՆ ԲՈՎԱՆԴԱԿՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ԿԱԶՄԷ ԱՅԴ ԻՐԱՒԱՊԱՀԱՆՋԱՏԻՐՈՒԹԵԱՆ...