Լիզբոնի իմ ընկերը - Սեդրակ Աճէմեան


13:12 , 23 հուլիս, 2013

 

Ծնած է Պէյրութ, 1962 մարտին: Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Հայաշէնի Հայ Աւետ. Վարժարանին մէջ, իսկ միջնակարգ ուսումը էշրէֆիէի Հայ Աւետ. Կեդր. Բարձր. Վարժարանին մէջ: Կը մտնէ արհեստից վարժարան եւ կը մասնագիտանայ պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի նորոգութեանց մէջ՝ ստանալով համապատասխան վկայական: Նախաձեռնելով անձնական գործի՝ կ’ունենայ իր սեփական վաճառատունը:
Իր ազգային կրթութեան առաջին օճախը կը հանդիսանայ իր տունը, իսկ հայրը՝ առաջին դաստիարակը: Հայրը իր զաւակներուն միշտ կը պատմէ հայ-թուրք հակամարտութեանց, Հայկական Ցեղասպանութեան եւ տեղահանութեանց մասին: Սեդրակի մօրը մեծ հայրն ալ զոհը դարձած է թրքական եաթաղանին. իրենց տան պատէն կախուած անոր նկարը աւելիով կը հրահրէ արդէն իսկ ալեկոծ Սեդրակին սիրտը: Յաճախ իր մտածումներն ու մտահոգութիւնները կը պահէ իր շուրջիններէն: Մասնաւոր հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ երաժշտութեան եւ մասնաւորաբար յեղափոխական երգերու նկատմամբ:
Ընկերային ու կատակասէր այս տղան իր տան մէջ յաճախ կ’արտայայտուէր Հայ Դատի պայքարի մասին եւ կը յիշէր հայ երիտասարդութեան պարտաւորութիւնները մեր դատի իրագործման ի խնդիր: Բայց ոչ մէկ անգամ նուազագոյն կասկածը կ’արթնցնէր թէ կրնար այսպիսի Սրբազան Գործի մը մէջ դերակատար դառնալ:
Վերջին անգամ տունը կը ձգէ 17 յուլիս 1983-ին, Լիբանանի գիւղերէն մէկը բանակումի երթալու պատճառաբանութեամբ: