Ո՞ւր ենք մենք այսօր և ո՞ւր կերթանք, որպես Հայոց Ազգ ու Հայոց Երկիր


12:39 , 12 հուլիս, 2013

Կեանքի բոլոր հանգրուաններուն, մարդ էակը պարտի կանգ առնել ժամանակ առ ժամանակ, ոչ միայն խորաչափելու եւ արժեւորելու համար իր անցած ուղին, այլեւ հարց տալու ինքն իրեն, թէ Ո՞ՒՐ Է ԻՆՔ, Ո՞ՒՐ ԿԵՐԹԱՅ, ճշդելու համար իր կեանքի նպատակը, ուղեգիծը....: Շատ դիւրին է այլապէս՝ կորսուիլ կամ մոլորիլ կեանքի հազար ու մէկ որոգայթներուն մէջ, խարխափել մառախլապատ հորիզոններուն անձնատուր...: Դժուար է ընթանալ առաջ՝ նպատակասլաց յարատեւութեամբ, առանց այս ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ միտող հարցադրումներուն, անհատական եւ ազգային-հաւաքական մակարդակներու վրայ ալ: Ո՞ՒՐ ԵՆՔ ՄԵՆՔ ԱՅՍՕՐ ԵՒ Ո՞ՒՐ ԿԵՐԹԱՆՔ, ՈՐՊԷՍ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳ ՈՒ ՀԱՅՈՑ ԵՐԿԻՐ....