Ի՛նչ անմեղ, մաքուր, թափանցիկ են մանուկները


23:03 , 13 հունիս, 2013

Երկու օր է օրուանս մեծ մասը կ՛անցընեմ մանուկերու շրջապատին մէջ... Ի՛նչ անմեղ, մաքուր, թափանցիկ են ՄԱՆՈՒԿՆԵՐԸ... Իրենց հոգին կարելի է կարդալ բաց գիրքի նման... Իրենց սիրտը այնքան փխրուն է, նուրբ, իրենց նախնական փայլն ու հմայքը պահած....տարիներու փոշին տակաւին չէ աղտոտած ու աղօտած անոնց բիւրեղեայ մաքրութիւնը: Մանկան մը աչքերով դիտել ու զգալ ԱՇԽԱՐՀԸ, ԿԵԱՆՔԸ... Զարմանալ ու խանդավառուիլ ամէնէն աննշան թուացող երեւոյթներով... Կենսանորոգուիլ, նոր աւիւնով ու աւիշով լեցուիլ: ՍԱ ՆՈՅՆՊԷՍ ՄԵԾ ԲԱԽՏԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ Է: