Մեր ժողովուրդը պէտք է կարենա զանազանել ԻՐԱՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԸ՝ սուտ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐԷՆ


21:42 , 31 մայիս, 2013

Մեր ժողովուրդը պէտք է որ պահած ըլլայ ԻՐ ԱՌՈՂՋ ԲՆԱԶԴԸ, կարենալ զանազանելու ԻՐԱՒ ԳԱՂԱՓԱՐԱՊԱՇՏ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԸ՝ սուտ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐԷՆ, որոնք լծուած են, գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար, գործող իշխանութեանց սայլին եւ կը գործեն անոնց թելադրած խաղի կանոններով... Տխուր է տեսնել, որ ոմանք կը փորձեն ստուեր նետել մաքուր յեղափոխականի կերպարին, անարգական խօսքերով թէ այլապէս... Մաքուր քննադատական խօսքը ընդունելի է եւ կրնայ կառուցողական ըլլալ, սակայն երբեք ընդունելի չեն վիրաւորական պիտակաւորումներն ու նմանատիպ արտայայտութիւնները....., որոնք վերջ ի վերջոյ կ՛արատաւորեն նոյնինքն զայն արտաբերողը... Ի ԲԵՐԱՆԷ ՔՈՒՄԷ ԴԱՏԵՍՑԱՐ, կ՛ըսէ ժողովրդական իմաստութիւնը...