«ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ» կոչուածը երգի փառատօն է, որ զուտ ՑՈՒՑԱԴՐԱԿԱՆ է, եւ ուր կը բացակայի ԵՐԳԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ


12:35 , 19 մայիս, 2013

Այս «ԵՒՐՈՏԵՍԻԼ» կոչուածը երգի փառատօն է, որ զուտ ՑՈՒՑԱԴՐԱԿԱՆ է, եւ ուր կը բացակայի ԵՐԳԻ ԱՐՈՒԵՍՏԸ, որպէս այդպիսին....Սա եւս կարելի է համարել ՀԱԿԱՄՇԱԿՈՅԹԻ տարածում, ուր մարմնի շարժուձեւերը, արտասովոր հագուկապը, աչքառու որեւէ հնարք, որ կապ չունի ճշմարիտ արուեստի հետ. դարձեր են արժեչափեր....Մեր երկիրը ի՞նչ գործ ունի նման կեղծ ու ստապատիր «երգահանդէս»ի մը մէջ, որ կոչուած է կարծէք աղաւաղելու ԱԶԳԱՅԻՆԸ իւրաքանչիւր երկրի երգարուեստին մէջ, զայն դարձնելով թեթեւ զուարճանքի առարկայ....ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇՆԵՐՈՒՆ «ԻՆԹԵԿՐՈՒԵԼՈՒ» ԿԱՄ ՀԱՄԱՐԿՈՒԵԼՈՒ ԽՆԴԻՐԸ, որ ՀՀ իշխանութեանց համար, եւ ոչ միայն, դարձեր է ԳԵՐԿԱՐԵՒՈՐ....մեզ քայլ առ քայլ հեռացնելու է ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԵՐ ԱՐՄԱՏՆԵՐԷՆ....