Հայաստանը առա՞նց հայու: Սա՞ է գործող նախագահի գովերգած «ԱՊԱՀՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ»


23:09 , 2 մայիս, 2013

Տարբեր հաւաստի աղբիւրներէ՝ ԱՀԱԶԱՆԳ, ԱՀԱԶԱՆԳ ՀՀ-էն ահագնացող արտագաղթի մասին....պարպուող գիւղերու մասին, ամայացող շէներու եւ աւաններու մասին....Սա իրօք ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ Է...առանց չափազանցութեան... Եթէ այս թափը շարունակուի, ի՞նչ պիտի ունենանք... Հայաստանը առա՞նց հայու: Սա՞ է գործող նախագահի գովերգած «ԱՊԱՀՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆ»Ը եւ վե՞րջ: Ո՛վ հայրենիքէն փախուստ տուող քարաւաններ, օտար հողը ՀԱՅՐԵՆԻՔ չի դառնար երբեք: «Օտարութեան մէջ, ազատ լինելն էլ այլ գերութիւն է» պիտի ըսէր Պարոյր Սեւակ այնքան իմաստալից կերպով: Իսկ հայրենիքի մէջ, մաքառելով, պայքարելով, ինքնակազմակերպուելով, հայրենիքի ՏԷՐԸ զգալով ու գիտակցելով՝ հայ քաղաքացիական հասարակութիւնը անպայման, վաղ թէ ուշ, կը հասնի իր երազած Հայաստանին....