38 տարի առաջ այս օրը սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը, որն արհաւիրք էր նաեւ Հայութեան համար


00:55 , 13 ապրիլ, 2013

38 տարիներ առաջ այս օրը 13 ապրիլ 1975-ին սկիզբ առաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Արեան եւ վէրքերու մէջ սողացող այդ պատերազմը դարձաւ արհաւիրք նաեւ Հայութեան համար: Մահ, կորուստներ, գաղթ եւ պատերազմի օրագրութիւն: Սփիւռքի հոգեւոր մայրաքաղաք նկատուող Պէյրութը ապրեցաւ մեծ տուայտանքներու, յուսաբեկումներու եւ լքումներու ալիքներուն մէջ .... ՏԱԿԱՒԻՆ ճիշդ գնահատականը չէ տրուած Լիբանանի արիւնոտ պատերազմին. միով բանիւ ամէնօրեայ մաքառումին ու ապրումին հետ անոր տագնապը- այդ երկրի տագնապը նոր հանգրուաններ կը բոլորէ: Այսօր ալ շատ քիչ բան կագուցէ այդ երկիրը լիարժէք ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿՈՉՈՒԵԼՈՒ ԻՐ ԶԱՒԱԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ... բայց կայ յոյսի այն փոքր նշոյլը, որ յաճախ ապառաժը ճեղքելով պիտի ծաղկի ու ապրի խաղաղութեան կապոյտին ներքեւ: Յոյսով եմ: Աւարտին 38 տարիներ ետք պիտի յարգել Լիբանանեան պատերազմի ՀԱՅ եւ արաբ նահատակներուն յիշատակը եւ փորձել սորվիլ այդ պատերազմի տուած դասերէն: