Հռոմի նորընտիր պապը բարձր հոգևորականի կերպար է, որից օրինակ պետք է քաղեն մեր հոգևոր հայրերը


19:09 , 19 մարտ, 2013

ՀՈԳԵԳՐԱՒ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԷՐ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԻ ԵՐԴՄՆԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ.... Խորհրդանշական իմաստով, Ան յատկապէս շեշտեց որ իր ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ուղղուած պիտի ըլլար յատկապէս՝ աղքատին ու ընչազուրկին, տկարին եւ լքուածին, հիւանդին ու հաշմանդամին....անօթիին ու անօթեւանին....Ան յիրաւի ճանչցուած է որպէս խորապէս համեստ, խոնարհ, ժուժկալ եւ սակաւապէտ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ...: Ի՛նչ վսեմ օրինակ ԲԱՐՁՐ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԻ, որմէ օրինակ քաղելու են յատկապէս մեր ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐԸ, որոնց համար, որքան որ նկատած եմ, հարստութիւնը, գումարը, բարեկեցիկ կեանքը այնքան առաջնահերթ կարեւորութիւն ունին իրենց կենսակերպին մէջ....եւ շատ անգամ կը զլանան իրենց օգնութիւնը ցուցաբերել տկարին եւ կարիքաւորին, աղքատին ու անօթեւանին....անտեսելով անոնց օգնութեան աղերսանքը...եւ նախընտրելով շրջապատուիլ հարուստներով, նոյնիսկ զիջումներ ընել քրիստոնէական հաւատքին թելադրած սկզբունքներէն ի բարեհաճութիւն անոնց....