Երեկ Սաուտի Արապիա եւ Թուրքիա յայտարարեցին «Միացեալ Ռազմավարական Ատեան»ի մասին երկու երկրներուն միջեւ
19:45 , 30 դեկտեմբեր, 2015
Պատկերացուցէք Արցախի նախագահը, Վրաստանէն եւ Արեւմուտքէն զօրքեր հրաւիրէ Երեւան՝ Հայաստանի նախագահը տապալելու համար՝ յանուն ժողովրդավարութեան` թաքուն զինակցի Ատրպէյճանի հետ: Ահա հենց այդպիսին են արաբական աշխարհի այսօրուայ ամենահարուստ տիրակալները, որոնց մեծ մասը կը կառավարեն իրենց երկիրները տակաւին հնադարեան մահմետական կարգերով: Խնդիրը չվերագրել դիւանագիտութեան: Այս մարդիկ, իրենց իսկ հողը բռնաբարած հակառակորդներուն ռազմական ծրագիրները կը ֆինանսաւորեն, մարդուժ կը հայթայթեն` սեփական-հայրենակից պետութիւն կործանելու, արաբ ազգակից ժողովուրդ կոտորելու համար: Ծայրագոյն պարագային, իրենց մունետիկները կ‘արդարացնեն այս վարքագիծը «Պետական շահեր» պատճառաբանութեամբ: Եկէք արաբօրէն մտածենք. ենթադրենք, որ ՀՀ նախագահի վարքագիծը չհամընկնի Արցախի պետական շահերու հետ` ուրեմն Արցախը առաջի հերթին կը սկսի քննադատել ՀՀ ընտրակեղծիքները, ապա կը զինէ ՀՀ ընդդիմութիւնը եւ հարեւան երկրներէն ու հեռաւոր Ամերիկա ու եւրոպաներէն զօրքեր աղերսէ, ֆինանսաւորէ Արցախի պետ-պիւտճէյէն` որպէսզի գան, Երեւանը գրաւեն ու Սերժին տապալեն... Պարզապէս յանուն ՀՀի մէջ ժողովրդավարութիւն հաստատելու եւ քանի Արցախի նախագահը անձնապէս չի սիրեր իր ՀՀ պաշտօնակիցին... Ահա հենց այսպիսին են արաբները, 5 տարի Ամերիկայէն բանակ աղերսեցին, Դամասկոսը ռմբակոծելու համար` խոստանալով բոլոր ծախսերը հոգալ... Ոխով ախտահարուած մտայնութեամբ կը տիրեն աշխարհի քարիւղի մեծագոյն պահեստին, որու 5%ը օգտագործելով միայն կարող են ազատագրել, 68 տարիներէ ի վեր` իրենց, իսկ թմբկահարած Պաղեստինը, ինչի համար բաւարար էր 5 տարիներէ ի վեր Սուրիոյ մէջ իրենց մսխած փողն ու մարդուժը... Ի մասնաւորի Սաուտի Արապիա (Որ տակաւին սահմանադրութիւն չունի, ընտրութիւն չունի), Քաթար (Ընտրութիւն չունի), եւ Հորթանան (Թագաւորին Արաբերէն լեզուն կէս կատար է, միշտ նախընտրած է խօսիլ Անգլերէն եւ պաշտօնապէս կը կրէ Մեծն Բրիտանիոյ հպատակութիւն, անձնագիր): Աչքալուսանք վերջիններուն` Ձեր դաշնակից Արեւմուտքի իսկական պետական շահերը կը պահանջեն այսօր Ռուսիոյ հետ համաձայնիլ, ե՛ւ համաձայնեցան... Ձեր սպաներուն եւ վարձկաններուն առանցին ձգեցին ռուս օդուժի սաստիկ ռմբակոծման տակ... Ձեր կիրքը անկատար մնաց` երբ ռուսական ճնշումով Արեւմուտքը բացէ ի բաց ընդունեց Ասատի թեկնածութիւնը 2017ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն` գոնէ Դուք եւ ողջ աշխարհը գիտէ, որ պիտի յաջողի, այդ ալ ՄԱԿի դաբանցիկ հսկողութեամբ, քանի, որ ճշմարիտ դիւանագէտ է, եւ Ձեր մէջի միակ ազգայնական հրամանատարը, որ ստրկամիտ ճորտ չէ` ունի իսկական դաշնակիցներ, եւ ոչ թէ հրամայող տէրեր: Ձեր ժողովուրդը նողկացած է Ձեզմէ, չի սերեր Ձեզ: Իսկ Դուք հիմա մէն-մէնակ կը նետուիք հիւանդ Թուրքիոյ գիրկը` երբ ի վերջոյ Արեւմուտքը Ձեզ 5 տարի կթելէ ետք` ձեռնուեցաւ Ռուսաստանի ու Պարսկաստանի հետ... Դեհ, գացէք հաշուի կանչեցէք Արեւմուտքի Ձեր տէրերուն` եթէ լեզու ունիք: Երեկ Սաուտի Արապիա եւ Թուրքիա յայտարարեցին «Միացեալ Ռազմավարական Ատեան»ի մասին, երկու երկրներուն միջեւ: Սաուտի Արապիա, Քեզ կթելու հերթը պաշարուած ու հիւանդ Թուրքիոյ է: Մի քանի տարի առաջ այդ ատեանը Սուրիոյ հետ էր, մինչեւ ըսին. «Մենք մէկ կառավարութիւն ենք` երկու երկիրներու մէջ»: Յետոյ ի՞նչ եղաւ: Էրտողանի գաղափարախօսութիւնը «Մուսլուման Եղբայրականութիւն»ն է, որի հետեւորդները Սաուտի Արապիոյ մէջ ամենածայրահեղ ընդդիմադիրներն են թագաւորին, Հալէպը 4 տարի առաջ նախ սրանք գրաւեցին... Մօտիկ անցեալի Սուրիոյ փորձը վկայ, մեղրամիս էր` ամէն տեղ թուրք կը վխտար: Ոչ թէ դիւանագիտութիւն, այլ վերնախաւի ստրկութիւն... Ոչ թէ պետական շահ, այլ հոգեկան կրքեր... Ախր ամօթ պիտի զգար, ու Ձեզ պիտի հայհոյեր անգամ Նիկօլլօ Մաքիավելլին, քանի մաքիավելլականութիւնը գուցէ դաւադրապաշտ է, բայց զուրկ է ստրկամտութենէ: