Հալէպի ժողովուրդը իր բոլոր բաղադրիչներով այնքան տխուր ու ցաւոտ է
19:35 , 19 դեկտեմբեր, 2015
Հալէպի ժողովուրդը իր բոլոր բաղադրիչներով այնքան տխուր ու ցաւոտ է, որ անգամ թաքսիներուն մէջ երգ չի լսուիր այլեւս… Ուշադրութիւն դարձուցէք՝ նախապէս չկար թաքսի առանց հաճելի երգի, նամանաւանդ առաւօտուն՝ Ֆէյրուզ… Չկայ հիմա, չեմ լսեր։ Ժողովուրդը ահաւոր տխուր է, բոլորին աչքերուն մէջ ցաւ կայ եւ թաքուն արձունք, որ կը կաթկթի տղամարդկանց սրտին մէջ։ Բոլորին հոգիները ցաւոտ են, կարծես կ՛ուզեն լալ բայց չկայ արձունք։ Ժողովուրդը չուզեր գաղթել՝ ցաւ կը զգայ, կը սարսափի՜ օտարութենէն… Բայց չի կրնար գոյատեւել այստեղ… Չկայ, Հալէպի մէջ չկայ բացի յիշատակներ անվերադարձ… Չկայ լոյս ու ջուր, չկայ կեանքի անվտանգութիւն, աշխատանք, ներկայ, ապագայ… Չկայ, ժպիտ չկայ մարդկանց երեսին… Կայ միայն անցեալ… Կայ կեանք՝ առանց կեանքի… Ասիկայ արդիական կոտորած է կատարեալ։ Իսիսի քարիւղը Հալէպցիի արիւնէն աւելի թանկ է։ Ժողովուրդը չի գաղթեր, եղածը գաղթ չէ՝ բռնագաղթ է։ Իր խորքին մէջ Հալէպէն առաջին գաղթողը ինքն էր՝ նոյնինքն Հալէպը, երբեմնի ժպտուն Հալէպը գաղթականի ցուպը ձեռին վաղուց գաղթեց Հալէպէն, անվերադարձ... Հալէպի մէջ լալն իսկ մուրազ է…