Ո՞ւր են իմ արմատներս


12:53 , 23 օգոստոս, 2015

Ո՞ւր են իմ արմատներս...Սփիւռքի գաղթօճախի՞ն մէջ, ներկայ Հայաստանի հանրապետութեա՞ն...Արեւմտեան Հայաստանի՞...հայկական Կիլիկիո՞յ....Թերեւս ալ, քիչ մը ամէնուր...: Դժուար է այս հարցին գոհացուցիչ եւ սպառիչ պատասխան գտնել եւ բաւարարուիլ մտքով եւ հոգիով...: Բայց եթէ ՀԱՅՔ-ը նկատառենք որպէս համայն հայութեան մշակութային, հոգեմտաւոր, պատմական տարածք, եւ մեր պատկանելիութիւնը կապենք այդ տարածքին եւ գաղափար-տեսլականին հետ, յայնժամ կարծես ամէն ինչ իր տեղը կը գտնէ....Ես ՀԱՅՔ-ի կամ ՄԻԱՑԵԱԼ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ քաղաքացին եմ....իսկ ՀԱՅՔ-ը նախ պիտի կայանայ մեր գիտակցութեան մէջ, մեր հաւաքական գիտակցութեան մէջ, որպէսզի օր մը դառնայ ի կեանք...: ՀԱՅՔ-ի տեսլականը, Ցեղասպանութենէն եւ Հայրենահանումէն 100 տարի ետք, ուշ բայց ոչ՝ ուշացած, պիտի դառնայ ազգային-պետական գաղափարախօսութիւն...մեզ միաւորող, մեզ նպատակաուղղող, մեզ ոգեշնչող, մեզ ուղղորդող....ԵՐԱՆԻ՛...