Յետ Ապրիլ 24-եան մտորումներ


16:27 , 26 ապրիլ, 2015

Յետ Ապրիլ 24-եան մտորումներ....Իսկապէս աննախընթաց միասնականութեամբ, ոգիի կորովով, պահանջատիրութեան վճռակամութեամբ եւ խուռներամ մասնակցութեամբ, համայն հայութիւնը ի Հայաստան եւ ի Սփիւռս, մէկ սիրտ, մէկ հոգի, իր խոնարհումը բերաւ մեր սուրբ նահատակներուն եւ վերանորոգեց իր Ուխտը՝ հաւատարիմ մնալու անոնց կտակին....յաչս մեզ եւ աշխարհին...: Սա դարձաւ նաեւ ինքնաճանաչման եւ ինքնագիտակցութեան նոր որակի ձեռքբերման կոչ ու հրաւէր, ապագային նայելու նորոգ տեսիլք....Հարիւրամեակի այս ոգեղէն հրավառութիւնը պիտի չմարի, պէտք չէ մարի, այլ՝ դառնայ նոր ուղիի մեկնակէտ, նոր լիցք ու աւիւն փոխանցէ ազգային եւ պահանջատիրական մեր յանձնառութեան, արդիւնաւոր եւ միասնական գործելակերպի նոր ոճ....Դարձեալ եւ դարձեալ, հաստատագրուեցաւ որ մեր ՓՐԿՈՒԹԻՒՆԸ ՄԵՐ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ ՈՅԺԻՆ ՄԷՋ Է...