Սխալը սխալով կարելի չէ ուղղել երբե՛ք


14:18 , 14 դեկտեմբեր, 2014

Սխալը սխալով կարելի չէ ուղղել երբե՛ք... Եթէ մէկու մը գործած սխալին պատասխանենք սխալով, որպէս արդարացում, կամ պատճառաբանութիւն, յայնժամ կրկնապատկած, եռապատկած եւ բազմապատկած կ՛ըլլանք սխալը, սխալները....Կաթիլ մը առաքինութիւն է պէտք, մէկու մը մեզի հանդէպ սխալ կամ անճիշդ վերաբերմունքին պատասխանելու համար ճիշդ եւ արդար վերաբերմունքով...Այլապէս, մեր վարքը եւ անկէ բխող արարքը միշտ ալ ԿԱԽԵԱԼ պիտի ըլլան ուրիշին ցուցաբերած վարքէն....եւ երբե՛ք պիտի չկարենանք հասնիլ՝ չարաչար հոլովուած ու երազուած ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ...