Իշխանություն-հասարակություն անջրպետը մեր երկրի դժբախտություններից մեկն է


21:55 , 3 սեպտեմբեր, 2014

ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ-ՀԱՍԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ անջրպետը մեր երկրին դժբախտութիւններէն մէկն է որոշապէս...., կարծէք երկու հակադիր բեւեռներ են, ամբողջովին տարբեր կեանքով ապրող...: Պետութեան մը համար, անչափ կարեւոր է որ իշխող վերնախաւը իսկապէս շփուի ժողովուրդին հետ, մօտէն հաղորդ ըլլայ անոր ցաւերուն եւ մտահոգութիւններուն, խռովքներուն ու տագնապներուն, լուծումներ որոնէ եւ առաջարկէ այդ ուղղութեամբ ամենայն պատասխանատուութեամբ, սրտացաւութեամբ....: Այդ պարագային միայն իշխանութիւնը կը դառնայ հարազատ արտայայտիչն ու ներկայացուցիչը իր ժողովուրդին եւ կը չքանայ այն անջրպետը որ կայ երկուքին միջեւ....