Քանդակագործ Արա Սարգիսեան` «Նեմեսիս» գործողութեան մասնակից վրիժառու հայորդին…


14:09 , 4 ապրիլ, 2014

Արա Միհրան Սարգիսեան, հանրաճանաչ  քանդակագործ, Հայաստանի նկարիչներու Միութեան հիմնադիր եւ անոր առաջին նախագահը եւ քարտուղարը, Երեւանի գեղարուեստական թատերական ինստիտուտի հիմանդիրը եւ անոր Տնօրէնը եւ քանդակագործութեան ամբիոնի վարիչը. Խորհրդային Միութեան եւ Հայաստանի ԽՍՀ ժողովրդական նկարիչ:

   Ծնած է 1902 թ. Ապրիլի 4-ին Կ.Պոլսոյ մօտ գտնուող Մաքրի գիւղին մէջ:
  Նախնական ուսումը կը ստանայ գիւղի Տատեան վարժարանին մէջ, այնուհետեւ  1914 թ.ին  ընտանիօք կը տեղափոխուին Կ.Պոլիս Բերա թաղամաս, որտեղ ուսումը կը շարունակէ Եսայեան սանոց վարժարանին մէջ: Արայի հօրեղբայրը Սարգիս Սարգիսեանը, Կ.Պոլսոյ յայտնի ճարտարապետներէն էր որու քաջալերանքով Արան կը խորանայ արուեստին մէջ:
   Առաջին համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ան իր ընտանիքի ապրուստը ապահովելու համար կը թողնէ ուսումը եւ կ’աշխատի որպէս գրագիր, գծագրիչ եւ նոյնիսկ էլեքտրիկ: Պատերազմէն յետոյ ան կը սորուի Կ. Պոլսոյ Գեղարուեստի վարժարանին մէջ. ան որպէս գերազանց ուսանող վարժարանի քառամեայ ուսումը կ’աւարտէ երկու տարուան ընթացքին:
   1921թ. ին կը որոշէ մեկնիլ Հռոմ եւ ուսումը շարունակել այնտեղ, Եսայեան վարժարանը կը հովանաւորէ Արայի ուսման ծախսերը արտասահմանին մէջ: Այնուհետեւ կը տեղափոխուի Վիեննա եւ կ’ընդունուի «Վարպետներու Դպրոցը»  ուր իր ուսուցիչներն էին պրոֆիսոր Է. Հելմերրը եւ Միւլնէրը:
   1924 թ.ին կը որոշէ վերադառնալ Հայաստան, անոր համար կը դիմէ Վիեննայի մէջ Սովետական Միութեան դեսպանութեան եւ կը ստանայ Սոկետական քաղաքացիութիւն եւ 1925 թ.ին Ապրիլի 26-ին կը ժամանէ Երեւան,ուր հիմքը կը դնէ Հյակական արհեստավարժ քանդակագործութեան:
   Արա Սարգիսեան 1920-ական թուականներուն երբ ան կ’ուսանէր Հռոմի եւ Վիեննայի մէջ, գործօն մասնակցութիւն կ’ունենայ Նեմեսիս Գործողութեան իրականացման :
   Յիշեցնենք որ Նեմեսիս գործողութեան նպատակն էր 1915 թ.ի Հայոց ցեղասպանութիւնը կազմակերպող եւ իրականացնող  Երիտթուրք (Միութիւն եւ Առաջդիմութիւն Կուսակցութիւն) պարագլուխներուն եւ 1918 թ. Բաքուի հայկական ջարդերու կազմակերպիչներու  եւ թուրքերու հետ համագործագղող հայ դաւաճաններուն պատժել մահուամբ:
   Գործողութեան կատարման եւ կազմակերպման որոշումը կայացած էր 1919 թ.ին Երեւանի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան  9-րդ ընդհանուր ժողովի ընթացքին,անուանելով զայն «ՆԵՄԵՍԻՍ», հին յունական վրէժխնդրութեան աստուածուհիի անունով:    Նեմեսիս գործողութիւնը իրականացնելու համար կը ստեղծուի պատասխանատու մարմին մը որուն ղեկավարն էր  Հայաստանի Հանրապետութեան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Արմէն Գարոն (Գարեգին Փաստրմաճեանը). ինչպէս նաեւ կը ստեղծուի յատուկ ֆոնտ մը: Գործողութեան ղեկավարութիւնը եւ նիւթական ապահովման իրականացումը կը յանձնուի Շահան Նաթալիին եւ Գրիգոր Մերժանովին: Գործողութիւնը կազմակերպուած էր մանրամասնօրէն…3-5 վրիժարուներէ  բաղկացած խումբերը յանցագործներուն կը հետեւէին իսկ յետոյ անոնցմէ մէկը կամ  2-3 ը կ’իրականացնէին դատավճիռը:
   Այս հերոսական գործողութեան մասին մասնակցողներու յուշերը կարդալը շատ հետաքրքիր է. Արշաւիր Շիրակեանի «Կտակն էր նահատակներուն«, Գրիգոր Մերժանովի` «Իմ Կտակը», Արամ Երկանեանի` «Այդպես մենք վրէժը լուծեցինք»: Այս յուշագրութիւնները կարդալու ժամանակ կը պարզուի Արա Սարգիսեանի գործօն մասնակցութիւնը այս գործողութեան մէջ:
   1921թ.ին գեղարուեստական կրթութիւն ստանալու համար Արա Սարգիսեանը Կ. Պոլսէն կ’երթայ Հռոմ: Իր կուսակցական ընկերներու խորհուրդով կը ներկայանայ Իտալիոյ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Միքայէլ Վարանդեանին: Ան` խելացի, լեզուներ գիտցող եւ ընդյատակեայ աշխատանքներու փորձարու երիտասարդին կ’ընդունի աշխատանքի: Այդ ժամանակ Հռոմ  կու գայ Գրիգոր Մերժանովը եւ Մ. Վարանդեանէն կը խնդրէ օգնականներ յատկացնել գործողութիւնը իրականացնելու համար: Վարանդեանը կ’առաջարկէ Արայի եւ բժշկական համալսարանի ուսանող Արզումանեանի թեկնածութիւնները:
   Արան գերազանց կը տիրապետէր թրքերէն լեզուին, անոր համար Մերժանովր Արային հետ կ’երթար այն սրճարանները որտեղ թուրքեր կու գային.եւ այնտեղ նստելով, եւ լսելով անոնց խօսակցութիւնները կրնան գտնել Սայիտ Հալիմ փաշայի հետքը, որը Օսմանեան Թուրքիոյ նախկին վարչապետն էր եւ Երիտթուրք կուսակցութեան առաջին կապինետի ղեկավարը, որը ստորագրած էր հայոց բնաջնջման որոշումը: Անյապաղ կը կանչուի Արշաւիր Շիրակեանը Սայիտ Հալիմին ահաբեկելու համար. գործողութիւնը կ’իրականացուի 1921 դեկտ. 5-ին. Մերժանովը իր օգնականներուն հետ կ’ապահովէ Ա. Շիրակեանի պաշտպանութիւնը եւ փախուստը: Արան ալ իսկոյն կ’անցնի Վիեննա:
   Այս գործողութեան ընթացքին, Արային առաքելութեան յաջողութիւնը ոչ միայն անոր թրքերէն գերազանց իմացութիւնն էր այլ նաեւ անոր նկարիչ-քանդակագործ մասնագէտի տեսողական յիշողութիւնը որը շատ մեծ դեր խաղցաւ իրենց արտաքինը փոխած յանցագործներուն ճանչնալու համար…նաեւ` արտաքին աշխարհի հետ խումբին կապը կ’իրականացուէր Արային միջոցով: Անոր փոստային հասցէին կու գար դաշնակցութեան ղեկավարութեան բոլոր հրահանքները եւ դրամը: Ողջ եւրոպայի ոստիկանութիւնը  չի կրցաւ վրիժառուներու խումբի հետքը գտնել, քանի որ ոչ ոքի միտքով չէր անցնէր ստուգել 19-ամեայ տաղանդաւոր ուսանողի փոստարկղը:
   1960-ական թուականներուն Նեմեսիս գործողութեան մասնակիցներու Գ. Մերժանովի , Արշաւիր Շիրակեանի, Արամ Երկանեանի յուշագրութիւնները կը սկսին հրատարակուիլ: Անոնց` տարբեր երկիրներու մէջ հայութիւնը կը հրաւիրէր եւ կը դիմաւորէր որպէս հերոսներ:
   Սակայն բոլորովին այլ պայմաններու մէջ կը գտնուէր Արա Սարգիսեանը որը վերադարձէր էր Հայաստան, կ’ապրէր Սոկետական Միութեան մէջ, որտեղ դաշնակցութեան պատկանիլը կը համարուէր պատժելի մեղք եւ պետական անվտանգութեան ծառայութեան մարմինի կողմէ դաժանօրէն հետապնդուելի: Օրինակ «Նեմեսիս» գործողութեան մասնակիցներէն Արտաշէս Գէորգեանը ով 1922 թ. Յուլիսի 25-ին իրականացուցած էր Ճեմալ փաշայի ահաբեկումը որ 1924 թ.էն ի վեր կ’ապրէր Երեւան, 1930-ական թուականներուն կը ձեռբակալուի եւ կը գնդակահարուի:
    Այս պատճառով է որ Ա.Շիրակեանը եւ Գ.Մերժանովը իրենց յուշերուն մէջ զգուշացած են մանրամասն չներկայացնել Արայի մասնակցութիւնը եւ անոր կը յիշեն միայն անհրաժեշտ դէպքերու ընթացքին անոր անունի սկզբնատառերով` ԱՍ:
   Եւ այսպէս մինչեւ 1959 թ. ան կը կարողանայ  թաքցնել իր գործօն մասնակցութիւնը գործողութեան մէջ եւ կը ներկայանայ սոսկ արուեստով տարուած հայ մարդու կերպարով:
   Բայց ամէն ինչ կը փոխուի երբ անոր առաջին անգամ թոյլ կը տրուի Սովետական Միութեան ներկայացուցչական կազմին մէջ մասնակցելու 1959 թ.ին Պրուքսէլի մէջ (Պելճիքա) կազմակորպւող  EXPO-59 համաշխարհային ցուցահանդէսին:
   Պրուքսէլի մէջ ան կը հանդիպի իր եղբօրրը` Պատրիկին, որուն մասին որեւէ մէկը տեղեակ չէր: Այս հանդիպումը չի վրիպիր Սով. Միութեան պետական անվտանգութեան հսկիչ աչքերէն: Կը պարզուի որ ան հանդիպէր է ոչ սովորական մէկուն, Պատրիկը դաշնակցական է եւ Յունաստանի  Հ.Յ.Դաշնակցութեան Կենտ.Կոմիտէի անդամ.  Հ.Մ.Ը.Մ ի վարչութեան նախագահ, Յունաստանի Հայկական Սկաուտական կազմի ղեկավար, Արեւմուտքի հայկական եկեղեցական կոմիտէի մշակոյթի եւ կրթութեան հարցերու պատասխանատու, եւ վերջապէս Ամերիկեան Զարգացման Միջազգային Գործակալութեան կառավարման մարմինի անդամ:
   Եւ այս բաւական էր…ան` Պրուքսելէն վերադառնալուն կ’ազատուի Երեւանի պետական համալսարանի գեղարուեստական-թատերական ինստիտուտի տնօրէնի պաշտօնէն, որպէս իր սեփական ցանկութիւնով եւ առողջութեան վիճակի պատճառով:
   1965 թ.ին աշխարհի ողջ հայութիւնը կը նշէր եղեռնի  50-ամեակը: Այդ առիթով սփիւռքի հայկական թերթերը կը հրատարակեն բազում նիւթեր հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութեան, ինչպէս նաեւ «Նեմեսիս« գործողութեան եւ անոր մասնակից հերոսներուն մասին: Պէյրութի հայկական թերթերէն մին կը նշէ նաեւ Արա Սարգիսեանի անունը: Այնուհետեւ արտասահմանէն Հայաստան կ’այցելեն քանի մը ընկերներ: Եւ անշուշտ այս բոլորը աննկատ չեն մնար պետական անվտանգութեան մարմինի (KGB) կողմէ, մանաւանդ 1959-թ.էն ի վեր ան հսկողութեան տակ էր: Եւ արդէն ակնյայտ էր որ ան երկար տարիներ ոչ միայն թաքցուցած էր իր դաշնակցական եղբօր մասին տեղեկութիւնը, այլեւ որ ինքը եղած է դաշնակցական եւ գործունեայ անդամ:
   Արա Սարգիսեանը կամաց կամաց կանխազգացում կ’ունենայ թէ ինչ կը սպասէ իրէն, կ’սկսի յուշեր գրել;
   Ան` 1969 թ.ին ոտքի կոտրուածքի պատճառով կը տեղափոխուի հիւանդանոց, հոն կը գրէ իր կտակը որը աւելի շատ նման է հրաժեշտի նամակի: Անոր մէջ հենց առաջին նախադասութեան մէջ կը պահանջէ իր մահէն յոտոյ անպայման դիահերձում կատարեն:
   Հիւանդանոցին մէջ եղած ատեն անոր կ’այցելէ ամերիկահայ դաշնակահարուհի Լուսի Իշխանեանը, որուն կը նուիրէ Նեմեսիսի մասին պատմող գիրք մը (Ա. Շիրակեանի` «Կտակն էր նահատակներուն») որտեղ յիշուած է անոր մասնակցութիւնը ԱՍ ծածկագիրով:
   Ա. Սարգիսեան Հիւանդանոցին մէջ չորս ամիս մնալէ ետք, արդէն ոտքի կոտրուածքէն լրիւ ապագինուած ,եւ երբ երկու օրէն հիւանդանոցէն դուրս պիտի գար, ջերմութեան կտրուկ բարձրացումի պատճառով կը մահանայ  7-Յունիս- 1969 թ.ին:
   Իր մահանալէն տարիներ յետոյ երբ հարազատները կը հետաքրքրուին անոր մահուան իսկական պատճառով կը յայտնաբերեն որ դիահերձման հետազօտութիւնը ցոյց տուած է որ ան բացարձակ առողջ էր, իսկ ջերմաստիճանի բարձրացումը ու մահուան պատճառը եղած էր անոր արեան  մէջ ԱՐԵԱՆ ՎԱՐԱԿՈՒՄ-ի առկայութիւնը  (…եւ այդ  KGB-ի թեթեւ ձեռքով ի հարկէ):
    Ա. Սարգիսեան իրօք հերոս էր: Ան ինքնակամ նախընտրեց Հայաստանը Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բարեկեցիկ եւ ապահով կեանքէն: Ան մի գուցէ այնտեղ աւելի երկար ապրէր, ստեղծագործական աւելի շատ բարձրունքներու հասնէր, քանի որ ան պիտի չսահմանափակուէր «Սոցիալիզմի« գաղափարախօսական շրջանակով: Իսկ Սփիւռքի մէջ պիտի սիրուէր եւ յարգուէր որպէս վարպետ եւ նուիրեալ հայրենասէր, սակայն այդ պարագային մենք չէինք ունենար այն բոլոր գեղեցիկ քանդակները, որոնք այսօր կը զարդարեն մեր սիրելի Երեւանը եւ Հայաստանի այլ քաղաքներն ու շրջանները:
   Անոր հռչակաւոր գործերէն են` Օպերայի եւ Բալետի թատրոնի առջեւ (Ազատութեան հրապարակ)`  Յ.Թումանեանի եւ Ալ. Սպենդիարեանի արձանները, Երեւանի պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքի բակին մէջ` Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Սահակ Պարթեւի արձանը …Միքայէլ Նալբանդեանի, Խաչատուր Աբովեանի, Վ.Բրիւսովի, Նիլսոն Ստեփանեանի, Վահան Թոթովենցի, Մանուկ Աբեղեանի, Հրաչեայ Աճառեանի, Մարիամ Ասլամազեանի, Սուրէն Սպանդարեանի, Թորոս Թորամանեանի, Շիրվանզադէյի, Նայիրի Զարեանի, Եղիշէ Չարենցի, Րաֆֆիի, Ստեփան Շահումեանի, Վարդան Աճեմեանի կիսանդրիները եւ այլ բազմաթիւ հռչակաւոր գործիչներու քանդակները:
Ուշագրաւ է նաեւ որ ան 1953թ.ին երբ ԽՍՀՄ ԳԽի դեպուտատ էր, հայ մտաւորականները դիմած են անոր որ միջնորդէ Նախիջեւանն ու Ղարաբաղը Հայաստանին միաւորելու հարցով, ան այնքան հասուն եւ գիտակից մարդ ըլլալով, ըսած էր, որ երկուքը միանգամէն հնարաւոր չէ. եկէք սկսինք Նախիջեւանէն ,ան հայաթափումի մէջ է, յետոյ Նախիջեւանը միացնելը շատ դժուար պիտի ըլլայ, իսկ Ղարաբաղը մերն է մի մտահոգուիք:
   Այն ժամանակ անոր մեղադրեցին անբաւարար հայրենասէր ըլլալու մէջ, բայց այսօր ակնյայտ է թէ ինչքան խորիմաստ էր ան,եւ ինչքան ճիշտ եղած է անոր մօտեցումը այս հարցին:
   Արա Սարգիսեանի կեանքը եղած է շատ զարմանալի կեանք մը, որու մասին նոյնիսկ իր հարազատները չեն իմացած: