Քեսապը պիտի վերադառնայ և քեսապցին պիտի գոյատեւէ


14:36 , 24 մարտ, 2014

Լաթաքիայէն՝ Վրէժ Գարամարտեան կը գրէ.

Սիրելի հարազատներ
Քեսապի վերաբերեալ նախ կը տեղեկացնեմ, որ մարդկային վնաս չկայ՝ փարատելով ձեր մտահոգութիւնները: Բնակչութիւնը լրիւ տեղափոխուեցաւ Լաթաքիա: Մեծամասնութիւնը տեղաւորուեցան տուներուն մէջ, ուրովհետեւ մեծամասնութիւնը կամ հարազատ ունի կամ բարեկամ կամ տուն: Իսկ մօտ 250 անձ տեղաւորուեցան եկեղեցուոյ զոյգ սրահներուն մէջ:
Լաթաքիոյ բոլոր միութիւնները և կազմակերպութիւնները աշխուժ գործի լծուած են, ապահովելու կենցաղային բոլոր կարիքները:
Լաթաքիայի մակարդակով զօրաշարժի ենթարկեցինք տարբեր կազմակերպութիւններ, բարեսիրական միութիւններ և պետական հաստատութիւններ ինչպէս նաեւ անհատ բարերարներ: Օգնող ձեռքերը շատ են: Կը մաղթեմ որ չմտահոգուիք:
Իսկ ինչ կը վերաբերի լուրերուն, խորհուրդ կուտամ հետեւիք Facebook-ի Գանձասար, Perio News և Inch ga chiga դիմատետրերուն: Ձեզ բարի Օր: Քեսապը պիտի վերադառնայ և քեսապցին պիտի գոյատեւէ: