Մեր երկրի քաղաքական դաշտը ՍՆԱՆԿ դուրս եկաւ


14:19 , 9 մարտ, 2014

Մեր երկրի քաղաքական դաշտը ՍՆԱՆԿ դուրս եկաւ....Ո՛չ մէկ քաղաքական առաջնորդ ժողովրդային ընդվզումն ու պայքարը չկրցաւ տանիլ մինչեւ վերջ...Իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն հաւասարապէս խաբեցին մեր ժողովուրդին: Եթէ իշխանաւորները օտարին կամքը իրականացնող՝ հայրենադաւներ էին, երեսուն արծաթով վաճառուած մարդիկ....միւս կողմէ ալ, «ընդդիմութիւնը» եւս կեղծ ընդդիմութիւն փաստեց ըլլալ քանի անգամ....եւ պայքարի կէս ճամբէն լքեց ժողովուրդին, այսինքն՝ դաւաճանեց անոր, երբեմն դարձեալ փոխան երեսուն խեղճ արծաթի, կամ պաշտօնի, կամ իշխանական կերակրատաշտէն օգտուելու հնարաւորութեան...գնաց ժողովրդադաւ գործարքի...Պատահեցաւ նաեւ որ ընդդիմութիւն կոչուածը գտնուեցաւ շատ տկար վիճակի մէջ, եւ դարձեալ չկրցաւ ՊԱՅՔԱՐԸ տանիլ մինչեւ ՅԱՂԹԱՆԱԿ....Արդեօ՞Ք պիտի գայ այն օրը, երբ ժողովրդային ՇԱՐԺՈՒՄՈՎ եւ անկէ բխած ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՈՎ, հայրենի ժողովուրդը պիտի կարենայ թօթափել իր վրայէն՝ օտարին եւ անձնական-քլանային շահերուն ծառայող իշխանութիւնը եւ՝ ստեղծել իր հարազատ իղձերն ու տեսլականը ներկայացնող իշխանութիւն, որուն ՆՊԱՏԱԿԸ ըլլայ ժողովուրդին եւ երկրին բարգաւաճումն ու զարգացումը....